ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ հա­մախմ­բուե­ցաւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ըն­թա­ցա­ւարտ­ներ մէկ­տե­ղուե­ցան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով։ Ձեռ­նար­կը ե­զա­կի էր այն ի­մաս­տով, որ մէկ կող­մէ կը մե­ծա­րուէին 25-ա­մեայ եւ 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ բո­լո­րին հա­մար ար­տա­սո­վոր ու­րա­խու­թեան շար­ժա­ռիթ էր ե­րի­տա­սարդ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն ձեռ­նար­կած շար­ժու­մը՝ նոր սա­նուց միու­թիւն մը հիմ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին վար­չա­յին­նե­րը, վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր զի­րար վա­յե­լե­ցին ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին եւ հե­տե­ւե­ցան օ­րուան յայ­տագ­րին, որ գոր­ծադ­րուե­ցաւ Մե­լի­սա Թաշ­ճեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան։ Յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­ռըն­թեր մե­ծա­րուե­ցան նաեւ վար­ժա­րա­նի ան­ցեա­լի ե­րախ­տա­շատ ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ տնօ­րէն­նե­րը։ Ու­սուց­չա­կան կազ­մին ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Էլ­մաս Պոզ, իսկ ա­շա­կեր­տու­թեան ա­նու­նով՝ Մե­լի­սա Թաշ­ճեան։ Նա­տին Վան­լըօղ­լու Թաշն ալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նոր սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։

Ա­ւե­լի վերջ Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մթնո­լոր­տին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015