ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուսանողներ՝ գլխաւորութեամբ Գերման աւետարանական եկեղեցւոյ Իսթանպուլի պատուելի Կապրիելա Փաչէյի։ Հիւրերը Աստուածաբանական ճիւղի ուսանողներ էին։ Անոնք Իսթանպուլի իրենց կեցութեան ընթացքին փափաքած էին տեղեկութիւններ քաղել հայոց պատրիարքութեան մասին։ Ընդունելութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ջերմօրէն ողջունեց գերմանացի ուսանողներու այցելութիւնը եւ անոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան եւ ընդհանրապէս թրքահայ կեանքին շուրջ։

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին հիւրերը վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019