ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տիրան Պոստան եւ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը եւ զրոյցի տեւողութեան բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ տարուած գործունէութեան շուրջ։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ յղելով նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019