ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Միացեալ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի։ Նորին սրբազնութիւնը օրուան քարոզին մէջ մեկնաբանեց Ս. Աւետարանէն ընթերցուած հատուածը։ Տէր Յիսուսի պատմած որոմի առակին վրայ կանգ առաւ եւ ընդգծեց, որ աշխարհի վրայ բարիներն ու չարերը կ՚ապրին միասին, մէջ մէջի։ Աստուած բոլորին ալ ապրելու հաւասար իրաւունք տուած է, առանց պատժելու չարամիտները։ Սակայն, երկրաւոր կեանքը ունի վերջաւորութիւն մը եւ երբ կը հասնի դատաստանի պահը, ապա այդ փուլին բարիներն ու չարերը կը զանազանուին եւ չարամիտները կը կրեն իրենց արժանի պատիժը։ Քարոզին հետեւեցան եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Մինչ այդ, նորին սրբազնութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ նաեւ արարողութեան մասնակցած խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յորդորները։

Հաւատացեալները փորձեցին նաեւ տրամադրութիւնը շօշափել նորին սրբազնութեան՝ պատրիարքական ընտրութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ մեր համայնքի բոլոր զաւակները պէտք է անմիջական ուշադրութեամբ հետեւին գործընթացին եւ պատասխանատուութեան զգացումով մասնակցութիւն բերեն ընտրութեան, որ մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ համայնքին տեսակէտէ պիտի ներկայացնէ նախախնամական նշանակութիւն։ Ան յորդորեց, որ լարուածութիւններէ հեռու, շինիչ ոգիով ու ներդաշնակութեամբ պէտք է ընտրուի մեր նոր պատրիարքը։ «Պէտք չէ հեռանանք նոյն եկեղեցւոյ, նոյն համայնքի զաւակները ըլլալու գիտակցութենէն եւ Տէր Յիսուսի սիրոյ պատգամին յարիր ձեւով պէտք է յարգենք իրարու գաղափարները եւ ի վերջոյ պէտք է ընտրենք մեր նոր պատրիարքը», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը՝ հաւատացեալներու հետ անմիջական զրոյցի ժամանակ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բակէն ներս կ՚երեւի հաւատացեալներուն հետ

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019