ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ամրան դասընթացները Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին ամբողջ  թափով։ Զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած այս դասընթացները ներկայիս ունին բացառիկ նշանակութիւն։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին մասնաւորապէս փոքր տարիքային դասաւորումներու տղաքը մարմնամարզի հետեւելու հնարաւորութենէն զուրկ մնացած էին։ Ուստի, այս ամառուան դասընթացները այդ ամբողջը թօթափելու եւ տղաքը դարձեալ մարմնամարզի վերադարձնելու տեսակէտէ ունին բացառիկ նշանակութիւն։

Շիշլիի ամրան դասընթացները կ՚ընթանան փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ եւ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ կը համախմբեն մեր նոր սերունդը։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ կը վերահսկէ աշխատանքներուն ընթացքը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2021