ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Պոլսահայ երաժիշտներ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի Երեւանի վերջին համերգի դրական արձագանգները կը շարունակուին։ Այդ համերգը իսկապէս անմոռանալի դարձաւ ունկնդիրներուն համար, որովհետեւ Պաղտասարեան եւ Կալիպօղլու յաջողեցան իրենց կատարումներով գրաւել երաժշտասէրներու սիրտը։

Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան դահլիճին մէջ, 12 սեպտեմբերին տեղի ունեցած համերգը՝ պոլսահայ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի մասնակցութեամբ, դահլիճին մէջ հաւաքած էր դասական եւ երգեհոնային երաժշտութեան սիրահարները: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ պոլսահայ բարերար Մկրտիչ Սերթշիմշէքի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս համերգին վայրը ընտրուած էր Երաժիշտներու միութեան դահլիճը, որովհետեւ այս դահլիճին մէջ կը գտնուի Երեւանի լաւագոյն երգեհոններէն մին:

Համերգէն առաջ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հանդիսավարը ողջոյնի խօսքեր յղեց Պոլիսէն հերթական անգամ Հայաստան եկած արուեստագէտներուն եւ անոնց համերգի աջակից բարերարին, նշելով, որ նախարարութիւնը միշտ ալ ուրախ է հիւրընկալելու Պոլիսէն երաժիշտներ, որոնք հայ երգը, արուեստը եւ առհասարակ, հայ ոգին պահելու առաքելութիւնը ստանձնած են:

Համերգը ձօնուած էր Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ու լաւագոյնս փոխանցեց դասական երաժշտութեան այն շունչը, զոր որդեգրած են Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու՝ տարիներ շարունակ նման համատեղ համերգներով հանդէս գալով թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ: Ինչպէս նախորդ համերգներու ժամանակ, այս անգամ ալ հնչեցին հայ եւ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ: Ներկաները Արթիւր Պաղտասարեանի կատարմամբ եւ Էտվին Կալիպօղլուի նուագակցութեամբ վայելեցին Պետրոս Այտնեանի «Խորհուրդ խորհին», Էտկար Մանասի «Ընտրեալդ», Ալեքսանտրօ Սթրատելլայի «Փիեթա Սինիորէ», Մեսրոպ Մաշտոցի «Անկանիմ Առաջի քո», Կոմիտասի «Հով արեք» եւ այլ ստեղծագործութիւններ, իսկ կարգ մը ստեղծագործութիւններն ալ, ինչպէս՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն», Երուանդ Երկանեանի «Տարածեալ» եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, հնչեցին զուտ երգեհոնահարի կատարմամբ:

Համերգէն ետք պոլսահայ երգիչ Արթիւր Պաղտասարեան ու երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու, ինչպէս նաեւ համերգի աջակից, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք ԺԱՄԱՆԱԿ-ին պատմեցին իրենց զգացումներու մասին:

Արթիւր Պաղտասարեան- Շատ ուրախ եմ՝ կրկին Հայաստանի մէջ համերգ ունենալուս համար, այս անգամ Պրն. Մկրտիչ Սերթշիմշէքի շնորհիւ սարքեցինք այս համերգը եւ նուրիական առիթներու ձօնուած էր, նախարարութիւնն ալ իր կարգին ամէն բան ըրաւ, բայց ամենէն մեծ ուրախութիւնը Պրն. Մկրտիչի՝ մեզի հետ ըլլալն էր:

Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու- Պոլսոյ մէջ երգեհոնային համերգ կազմակերպելը աւելի դժուար է, քան՝ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ սա պահուս յարմար երգեհոններ չկան Պոլսոյ մէջ, գտնուած բոլոր երգեհոնները լաւ վիճակի մէջ չեն, փճացած են: Բայց մենք այն մեծ ուրախութիւնը ունինք, որ Հայաստան կարելի է երգեհոնային համերգներ կազմակերպել: Այս դահլիճը մեր երրորդ տարբեր վայրն էր: Մենք առաջին անգամ Հայաստանի մէջ 2015 թուականին Աբովեանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցանք, ներկայացանք հոգեւոր երաժշտութեան յայտագրով մը։ Երկրորդ անգամ 2016 թուականին Կոմիտասի անուան Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, եւ այս ալ երգեհոնային-կատարողական համերգ ըլլալու շարքէն հերթական համերգն է:

Մենք ասկէ յետոյ ալ փափաք ունինք Կիւմրիի մէջ ելոյթ մը ունենալու, հաւանաբար՝ յաջորդ տարի: Այս տարի մենք անգամ մը եւս երգեհոնային ծրագիր ունինք, 25 հոկտեմբերին Գերմանիոյ Շթութկարտ քաղաքին մէջ, Հայ մշակոյթի օրերու բացման համերգին պիտի մասնակցինք:

Մեր այս երգեհոնային ծրագիրը շուրջ տասն տարուան աշխատութիւն մըն է։ Յայտագրին մէջ մենք ունինք մօտաւորապէս քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջէն ամէն համերգի համար փունջ մը կ՚ընտրենք, կամ նորերը կ՚աւելցնենք: Օրինակ՝ այսօրուան համերգին պարոք ժանրէն քանի մը երգեր աւելցուցինք, եւ օրըստօրէ այդ յայտագիրը կը բազմանայ: Միւս կողմէ, մենք գոհ ենք ունկնդրի տեսակէտէ, այս մեր ըրած ծրագրին Պոլսոյ մէջ պէտք եղած լսարանը չենք կրնար գտնել, եւ այսպիսի համերգ լսելիք մարդ ալ չենք կրնար գտնել:

Արթիւր Պաղտասարեան- Այդ հարցերը կան, բայց եթէ երաժիշտ ենք, այն անպատեհութիւնները, թէ անհրաժեշտ լսարան չկայ քու գործած վայրին մէջ, պէտք չէ խանգարեն մեզ, եւ պէտք է շարունակես քու աշխատանքներդ: Այս ծրագիրները, որոնց սկսած էինք Իսթանպուլ՝ 2013 թուականին, Շնորհք Պատրիարքի 100-ամեակի բացման համերգին մասնակցեցանք՝ դարձեալ Պրն. Մկրտիչ Սերթշիմշէքի շնորհիւ, Պոլսոյ «Սեն թ՚Անթուան» իտալական եկեղեցւոյ մէջ, ուր մեծ երգեհոն մը կայ: Հոն, այո, շատ մեծ բազմութիւն կար, բայց շատ ըլլալը կամ քիչ ըլլալը կարեւոր չէ, կարեւորը որակն է, թէ այդքանէն որքանի՛ն հասու է քու մատուցած երաժշտութիւնը: Այս համերգի յայտագրին մէջ ներառուած հեղինակներէն մի քանին՝ Էտկար Մանասը, Այտընեանը, ոչ մէկ տեղ դժբախտաբար լսուած է եւ մենք մեծ փափաք ունինք այս երաժշտահաններու սոյն ստեղծագործութիւններուն նոր կեանք տալու՝ թող ապրին եւ տարբեր ձեւով՝ երգեհոնով թող լսուին եւ մեր ժողովուրդը տեղեկանայ, որ մեր հոգեւոր երաժշտութեան մէջ ալ կան երգեհոնով երգեր:

Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու- Այո, մենք նպատակ ունինք այս ծրագիրը ապրեցնել, որպէսզի շատ մը հեղինակներու գործեր նկուղներու մէջ չմնան եւ չկորսուին: Մեր առաքելութիւնն ալ այդ է՝ ձեւով մը գտնել այդ կորսուածները եւ մեջտեղ հանել: Մեր յայտարագրին բուն իմաստն է այդ՝ երաժշտութիւն, արուեստ մատուցելէ առաջ նախեւառաջ կորսուած գործերը վերապրեցնել: Եւ նորէն պիտի գտնենք նմանատիպ ստեղծագործութիւններ ու զանոնք պիտի ներառենք մեր յայտագրին մէջ:

Արթիւր Պաղտասարեան- Մեր կապը Պրն. Մկրտիչի հետ նոյնն է: Ինք եկեղեցիներու մէջ կորսուած գեղեցկութիւնները երեւան կը բերէ իր գործունէութեամբ, մենք ալ նոյն առաքելութիւնը ունինք երաժշտութեան, երգի ասպարէզէն ներս, ու այդ էր նաեւ, որ մեզ միացուց:

Մկրտիչ Սերթշիմշէք- Ես ժամանակին՝ 1981 թուականին, ուխտ մը ըրած էի, որ բոլոր եկեղեցիներուն խորանները պայծառ ու փայլուն ըլլան, մաքրուին: Առաջին անգամ Մայր եկեղեցիէն սկսած եմ, եւ մինչեւ այսօր ամբողջ աշխարհի տարածքին 214 հատ եկեղեցիէն շնորհակալական նամակներ ստացած եմ: Ո՛ր եկեղեցին որ դիմում կ՚ընէ՝ խորանին վրայ եղած իրերը՝ ոսկեզօծ, արծաթապատ, մաքրել, շտկել, պակասները լրացնել, ես սիրով կ՚ընդառաջեմ: Հոս ալ կան շատ եկեղեցիներ, որոնց մէջ ալ աշխատանքներ կը կատարեմ։ Շուրջ 35-36 եկեղեցիներու մէջ արդէն քիչ կամ շատ աշխատանք կատարած եմ: Նախեւառաջ՝ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Աբովեանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, Առինջ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ եկեղեցիներու եւ շատ ուրիշ եկեղեցիներու մէջ զանազան աշխատանքներ կատարած եմ: Իսկ Հայաստան յաճախ կու գամ. իմ 45-րդ այցելութիւնն է, որոնց սկսած եմ 2001 թուականին։ Մեծ հաճոյք կ՚առնեմ այցելութիւններէս եւ արդէն Հայաստանի անձնագիր ստացած եմ:

Արթիւր Պաղտասարեան- Ես Հայաստան ուսանած եմ, իմ մասնագիտութիւնը հոս ստացած եմ։ Իբր այդ, ինծի մեծ հաճոյք է, որ ուսանած վայրիս մէջ կը շարունակեմ երգել եւ հոս ունիմ ունկնդիրներ, որոնք ամէն անգամ կու գան, կը լսեն ու կը քաջալերեն զիս: Մեծ հաճոյք է ամէն տարի գալն ու Հայաստանի մէջ երգելը։ Ամէն տեղ կ՚երգեմ, բայց հոս երգելը ուրիշ է: Այս վերջին շրջանին տեղի ունեցած փոփոխութիւններու արդիւնքը զգալու համար ալ քիչ մը պիտի սպասենք:

Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու- Ես Հայաստանի մէջ տարբեր կը շնչեմ, հայրենիքի զգացողութիւնն է ատիկա, որուն ալ կ՚աւելնայ արուեստի հանդէպ մօտեցումը, արուեստի հասկացողութիւնը, ինչ որ հոս կայ: Տարբեր կ՚ազդէ իմ վրայ, երբ հոս կու գամ, կարծես երազի մէջ կ՚ըլլամ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018