ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՅԱՅՏՆԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որ համայնքապատկան կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներուն քաջատեղեակ է ու կը պաշտպանէ մեր զանազան կառոյցներու դատերը։ Հեղինակաւոր փաստաբանը Գումգաբու փութացած էր մեր համայնքէն իր երկու երիտասարդ գործակիցներուն՝ Տալիտա Եոնթանի եւ Առէն Տատըրօղլուի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Ալի Էլպէյօղլու առաջին հերթին կատարեալ առողջութեան մաղթանքներ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ մօտաւոր անցեալին վիրահատութեան մը ենթարկուած էր։ Ապա ան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տուաւ իր հետապնդած զանազան դատերու ընթացքին շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Ալի Էլպէյօղլու Պատրիարքական Աթոռի շահերը կը պաշտպանէ՝ Սիրքեճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով բացուած դատին մէջ։ Իր վերահսկողութեան ներքեւ այս իրաւական գործընթացը երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուի։ Դատական իշխանութիւնները առաջին փուլին հաւանութիւն տուած էին, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը վերստին դառնայ Սանասարեան խանի սեփականատէրը։ Այդ դրական վճիռը, սակայն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ բացուած դատի հիման վրայ բեկանուած էր վերադաս ատեանէն։ Ուստի, դատը տեղափոխուած էր Սահմանադրական ատեան։ Ալի Էլպէյօղլու, որ այս ամբողջ գործընթացը յառաջ տարած է, Սահմանադրական ատեանէն արձակուելիք դրական վճիռի մը սպասումին մէջ է։ Ըստ երեւոյթին, երէկուան հանդիպման ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Ալի Էլպէյօղլու ընդհանուր արժեւորման մը ենթարկած են այս գործընթացն ու այժմու փուլին վերաբերեալ սպասումները։

Տեսակցութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն ուղղուած բարեմաղթութիւններուն համար եւ յաջողութիւն մաղթած՝ Էլպէյօղլուի եւ իր գլխաւորած գրասենեակի անձնակազմի գործունէութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021