ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր ակումբի ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին պաշտօնի կոչուած էր նոր վարչութիւն մը։ Ուստի, նորընտիր վարչութեան անդամները փափաքած էին Գումգաբու այցելելով ստանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Համագումարէն վերջ նորընտիր վարչութեան առընթեր գործել սկսած է նաեւ յարակից աջակից խումբ մը։ Վերջին տարիներուն, հակառակ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն, ակումբը յաջողած է շարունակել գործունէութիւնը՝ թէեւ նուազագոյն մակարդակի վրայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը երէկուան հանդիպման ընթացքին ուրախառիթ համարեց Շիշլիի վարչայիններուն այցելութիւնը եւ անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան կարեւորեց մեր համայնքէն ներս մարզական կեանքի աշխուժութիւնը եւ այս առումով բարձր գնահատեց Շիշլիի գործունէութիւնը։ Արդարեւ, սա այն հարթութիւններէն մին է, որու վրայ մեր նոր սերունդը կը համախմբուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նորակազմ վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր ծրագիրներուն համար։ Ան յոյս յայտնեց, թէ համավարակով ծնունդ առած դժուարութիւնները կը յաղթահարուին եւ ակումբի գործունէութիւնը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021