ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԱՍՈՐՒՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական այցելութիւն մը կատարեց՝ արժեւորելով ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու Հանրապետական շրջանի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ասորւոց նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որ բաւական յառաջացած է։ Եշիլգիւղի մէջ կը կառուցուի այս սրբավայրը, որ Հանրապետական շրջանի առաջին եւ վերջին 150 տարիներու կտրուածքով նոյնպէս առաջին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցին պիտի ըլլայ՝ պաշտամունքի բացուելէ վերջ։ Շինարարութեան համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալուեցաւ Ասուրի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտին կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Ասուրի Ուղղափառաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի ատենապետ Սաիտ Սուսին։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասնութիւններ քաղեց այս շինարարութեան շուրջ։ Ան առաջնորդուեցաւ տեսնել նորակառոյց ամբողջ եկեղեցական համալիրը։ Այս կարեւոր ձեռքբերումին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց դաւանակից ասորի ուղղափառ համայնքին։ Շինարարութեան տարածքէն ներս Նորին Ամենապատուութիւնը նաեւ իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքները փոխանցեց բանուորներուն։

Շինարարութեան տարածքէն ներս իրականացած շրջայցէն վերջ, Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին են Սաիտ Սուսին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքեցին կէսօրուան ճաշասեղան մը, որու շուրջ եւս շարունակուեցաւ անմիջական ու ջերմ զրոյցը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021