ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ներս ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Վերջին օրերուն զարդարուեցաւ նաեւ գատըգիւղցիներու տօնածառը, որ տեղադրուած է թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։ Գատըգիւղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ներկայութեամբ եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութեան համագործակցութեամբ զարդարուեցաւ տօնածառը։ Սա ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ոգեւորութեան մը խորհրդանշանը հանդիսացած է՝ մանաւանդ, որ տօնածառը զարդարուած է Արամեան-Ունճեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն կողմէ։

Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ներս տղաքը եւ իրենց ուսուցիչները արժանացան հայր սուրբի եւ տէր հօր հայրական ջերմ վերաբերմունքին։ Բոլորը ձեռք ձեռքի տուած, մեծ յուզումով զարդարեցին տօնածառը եւ համապատասխան բարձր տրամադրութիւնով համախմբուեցան թէյասեղանի մը շուրջ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս առթիւ բարձր գնահատեց տղոց յանձնառութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը։ Արդարեւ, տօնածառի զարդարութիւնը թէեւ խորհրդանշական է, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ տէր կանգնիլ աւանդութեան մը, հաւատարիմ մնալ որոշ արժէքներու նկատմամբ։ Հայր սուրբը մաղթեց, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ աշակերտներու ուսման կեանքէն եւ ընտանեկան յարկէն ներս, նաեւ անոնց բնակարաններն ու ներաշխարհը լուսազարդուին տօնածառի նման։

Իրենց հերթին, աշակերտներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին թէ՛ ջերմ վերաբերմունքին եւ թէ ընծայուած հնարաւորութեան համար։ Տղաքը այսպէսով թէ՛ կը զուարճանային եւ թէ թաղի եկեղեցւոյ տեսանելի պայծառութեան, շէնացման համար կը բերէին իրենց նպաստը։

Հուսկ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան աշակերտներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն նուիրեցին նուռեր, ի նշան ամանորեան շրջանի օրհնութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018