ԱՐԴԱՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ ե­րէկ մեծ պա­տի­ւի մը ար­ժա­նա­ցան մեր հա­մայն­քի ե­րախ­տա­շատ բա­րե­րար­նե­րէն Հայկ Աս­լա­նեան եւ Գէորգ Սան­թա­լու։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ ի­րենց շնոր­հուե­ցաւ «Յով­հան­նէս Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Պատ­րիար­քա­րա­նը այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց՝ գնա­հա­տե­լով ա­նոնց կող­մէ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մեր հա­մայն­քին հա­մար մա­տու­ցուած բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Հայկ Աս­լա­նեա­նի եւ Գէորգ Սան­թա­լուի մե­ծա­րան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին օ­րը։ Աս­լա­նեան եւ Սան­թա­լու եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ կա­յուն պա­հած են Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը։ Հայկ Աս­լա­նեան, որ Կեդ­րո­նա­կա­նի սա­նե­րէն է, Գա­րա­կէօ­զեան Տան եւ Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նին հա­մար ալ ներդ­րած է մեծ վաս­տակ։ Ան ներ­կա­յիս ա­տե­նա­պետն է ՍԷՎ հիմ­նար­կի։ Աս­լա­նեա­նի եւ Սան­թա­լուի բազ­մա­տաս­նեակ տա­րի­նե­րու հա­մայն­քա­յին ծա­ռա­յու­թեան վար­ձատ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նե­ցաւ ե­րէ­կուան պար­գե­ւատ­րու­մը։

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նե­ցին Հայկ Աս­լա­նեա­նի եւ Գէորգ Սան­թա­լուի մե­ծա­րան­քը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րով, խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ յանձ­նեց ա­նոնց Պատ­րիար­քա­րա­նի «Յով­հան­նէս Կոլտ» շքան­շան­նե­րը։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը օ­րուան պատ­գա­մին մէջ բարձր գնա­հա­տեց ա­նոնց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Քա­րո­զի ա­ւար­տին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ըն­թեր­ցուե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան օրհ­նու­թեան գի­րե­րը եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Խո­րա­նին վրա­յէն Հայկ Աս­լա­նեա­նի եւ Գէորգ Սան­թա­լուի լամ­բա­կին զե­տե­ղեց շքան­շա­նը։

Այս  պար­գե­ւատ­րու­մը ան­տա­րա­կոյս, բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր Աս­լա­նեա­նի եւ Սան­թա­լուի ըն­տա­նիք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ա­նոնք շրջա­պա­տուած էին ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ։

Ե­րէ­կուան պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թէ ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ան­կեղ­ծօ­րէն ու­րա­խա­կից ե­ղան Աս­լա­նեա­նի եւ Սան­թա­լուի ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ մաղ­թե­լով տա­կա­ւին եր­կար տա­րի­ներ հա­մայն­քա­յին գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։

   

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017