ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 6-րդ դասարանի սաները։ Տղաքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ գիրկընդխառնուեցան եւ ծանօթութիւն հաստատեցին իրարու հետ։ Թարգմանչաց վարժարանի սաները շրջայց մը կատարեցին «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս։ Հնչեցին արտասանութիւններ եւ խմբերգներ։ Աշակերտները իրենց ծնողներուն միջոցաւ հաւաքուած գումարներուն հիման վրայ նուիրատուութիւն մըն ալ յանձնեցին «Հրանդ Տինք» դպրոցին։

Հիւրերը յատկանշական այլ նուէր մըն ալ թողեցին «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ։ Այսպէս, Թարգմանչացի սաներէն Նարեկ Թովմասեան, որ անցեալ տարի ալ այցելած էր «Հրանդ Տինք» դպրոցը, նկարահանած էր զանազան դրուագներ։ Ան այս տարի այդ վառ լուսանկարներէն մին՝ շրջանակուած ձեւով նուիրեց դպրոցին։ Սա իսկապէս թանկ նուէր մըն էր՝ մանաւանդ, որ այդ լուսանկարին վրայ կը ցոլանար հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմքը։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020