ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

Քորոնաժահրի դէմ պայքարը դարձած է համայն աշխարհի թիւ մէկ օրակարգը։ Համամարդկային զօրակոչի մը մթնոլորտը կը տիրէ ամէնուրեք, որպէսզի յաղթահարուի համաճարակը, որ կը խլէ հազարաւոր զոհեր։ Բոլորը կը գիտակցին, թէ մարդկութան առջեւ ծառացած է լուրջ մարտահրաւէր մը, որ միեւնոյն ժամանակ կը բնորոշէ զգօնութեան պահ մը։ Անհրաժեշտ է մասնագէտներուն կողմէ խորհուրդ տրուած բոլոր նախազգուշական միջոցներուն կանոնաւորութեամբ հետեւիլ՝ լաւագոյնս պաշտպանուելու համար քորոնաժահրին դէմ։

Թուրքիոյ մէջ յամառ պայքար յառաջ կը տարուի վարակին դէմ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ երկրի մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 18-ի։ Նախարարը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի եւրոպական երկիրներէն եկած եօթ եւ ամերիկայէն եկած երեք վարակուած։ Բոլոր կրթական հաստատութիւնները արդէն փակ են։ Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ կատարած է տնօրինութիւն մը, որով բոլոր զբօսարանները գիշերուան ժամերուն փակ պիտի ըլլան։

Երկրէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ մեր համայնքն ալ կը ջանայ պաշտպանուիլ համաճարակի դէմ։ Պոլսահայ վարժարաններու գործունէութիւնն ալ առած է դադար մը։ Մեր եկեղեցիներէն ներս, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ժամանակ, երէկ հաւատացեալներուն տրամադրուեցան տեզենֆեքթաններ՝ (հականեխիչ) ձեռքերու մաքրութեան եւ հաւաքաբար սրբավայրի մէջ գտնուելու ժամանակ համաճարակի վտանգը կանխելու առաջադրութեամբ։

Հայաստանի մէջ ալ քորոնաժահրի դէմ կը մղուի յամառ պայքար։ Դէպքերու թիւը հասած է 30-ի։ Պետութիւնը բոլոր ուղղութիւններով կը դիմէ անհրաժեշտ քայլերուն՝ ժողովուրդը վարակէ խնայելու եւ անոր առողջութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէեսուսի հետ։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ անհրաժեշտ է քորոնաժահրի վարակի տարածումը հնարաւորինս արագ հսկողութեան տակ առնելու ուղղեալ միջոցառումներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։ Կողմերը համաձայնեցան պարբերաբար տեղեկատուութիւն փոխանակել իրավիճակին շուրջ։

Այս հեռախօսազրոյցին նախորդեց նախագահ Արմէն Սարգսեանի զրոյցը Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Այս վերջինը ներկայացուց Հայաստանի վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը։ Հեռախօսազրոյցէն վերջ ալ Արմէն Սարգսեան նախարարին տեղեկատուութիւն տրամադրեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ անոր կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն շուրջ։

Ամբողջ աշխարհի մէջ ալ քորոնաժահրի դէմ սկսած պայքարը կը շարունակուի թափով։ Դժբախտաբար, Եւրոպայի մէջ կացութիւնը որոշ թափով կը վատթարանայ, եւրոպական երկիրներու մէջ զոհերու թիւը կը բարձրանայ։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն կը հասնին լուրեր, ըստ որոնց քորոնաժահրի դէմ պատուաստներ եւ դեղամիջոցներ գտնելու ճանապարհին վրայ կ՚արձանագրուի յառաջընթաց։ Կարգ մը աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, որ Չինաստանի մէջ ալ քորոնաժահրի առաջքը առնելու համար որոշ զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Յամենայնդէպս, յայտնի է, որ յառաջիկայ շաբաթները պիտի շարունակեն նուրբ նշանակութիւն ունենալ երկրագունդին տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020