ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԱԽԱՃԱՇ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը նա­խըն­թաց օր նա­խա­ճաշ մը կազ­մա­կեր­պեց Ֆլո­րիա­յի «Շա­զե­լի» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Շուրջ 250 հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թին, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Լուի­զա Տե­միր­ճիի եւ Տիա­նա Գու­յում­ճուի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը։ Դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը, թա­ղի յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ քոյր վար­ժա­րան­նե­րու ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս հա­ւա­քոյ­թին, որ ա­մառ­նա­մու­տի ներ­կայ շրջա­նին ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ հա­մախմ­բեց բո­լո­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016