ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Միրիամին։ Դեսպան Միրիամիին կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մէջ Ֆինլանտիոյ պատուոյ հիւպատոս Ճէֆ Հաքքօ եւ իր օգնականը։

Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց բարձրաստիճան դիւանագէտին այցելութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրութիւններ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան եւ համայնքային կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան շուրջ՝ որպէս հոգեւոր կեդրոն։

Դեսպան Փիրքքօ Միրիամի զանազան հարցումներ ուղղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ սպառիչ պատասխաններով յագեցուց իր հետաքրքրութիւնը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպան Միրիամիին նուիրեց գիրք մը՝ ի յիշատակ այս այցելութեան։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ՝ քաղաքիս զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններուն։ Այցելութիւններուն ընթացքին բացի Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանէն իրեն ընկերացան՝ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Այցելութիւններուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հոգեւոր եղբայրներուն Ս. Զատկի տօնին առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին, Նորին Ամենապատուութիւնը իր երկխօսները անկեղծօրէն ողջունեց տօնական աւետիսով ու մաղթեց, որ տաղաւարը առիթ հանդիսանայ խաղաղութեան եւ համակեցութեան ուղղեալ գիտակցութեան ամրապնդման։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024