ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­լի­սէա­կան մար­զա­կան խրախ­ճան­քի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մեր լի­սէ­նե­րու խում­բե­րը վո­լէյ­պո­լի եւ պաս­քեթ­պո­լի հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քին մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Հան­դի­սու­թեան բաց­ման փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, ուր ա­շա­կերտ­նե­րուն ուղ­ղեալ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան։ Ներ­կայ էին նաեւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի­նե­րէն Ե­ւա Օ­րա­գեան եւ Քա­թիա Վար­կը, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քա­յին լի­սէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մար­զան­քի ու­սու­ցիչ­նե­րը։

Խրախ­ճան­քի ար­դիւն­քին վո­լէյ­պո­լի մէջ ա­ռա­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նը զբա­ղե­ցուց Կեդ­րո­նա­կան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Սա­հա­կեան-Նու­նեան եւ Մխի­թա­րեան։ Պաս­քեթ­պո­լի մէջ յա­ռա­ջա­տար դար­ձաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Է­սաեան եւ Մխի­թա­րեան։

Պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին բո­լո­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­լով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին հիւ­րըն­կալ վար­ժա­րա­նին։

Յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան նաեւ մար­զան­քի ու­սու­ցիչ­նե­րուն։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015