ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊՏՈՅՏ ՄԸ

Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Փոլոնէզգիւղ։ Ամառնամուտի առթիւ կատարուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Արդարեւ, «Հերա փանսիոն»ի հիւրընկալ միջավայրին մէջ, շուրջ 120 էսաեանցիներ ունեցան հաճելի ժամանց։ Պտոյտի մասնակիցները ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուին գիւղի եկեղեցին։ Օրուայ աւարտին անոնք վերադարձան վառ տպաւորութիւններով։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019