ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԷՎԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Էվա Սանթալուի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Էվա Սանթալուի կորուստը մօտաւոր անցեալին մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ, կէսօրուան ժամերուն, հանգուցեալի Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Այս հոգեհանգստեան պաշտօնին ալ հանդիսապետեց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որ կատարեց թարմ շիրիմի օրհնութիւնը։ Հանգուցեալի հարազատները ամբողջ ընտանիքը եւ համայնքային շրջանակներէն իր յիշատակը յարգող սիրելիներ հերթական անգամ համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ եւ իրենց խոնարհումը բերին իր ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Էվա Սանթալու կողակիցն էր մեր բարերարներէն Գէորգ Սանթալուի եւ քոյրը՝ նոյնպէս մեր երախտաշատ բարերարներէն Հայկ Ասլանեանի։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021