ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին պիտի կատարուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի գործունէութեանց մասին։ Հիւրերը յայտնեցին նաեւ, թէ նկատի ունենալով քորոնա համավարակի սահմանափակումները, այս տարուան տօնակատարութիւնները պիտի կատարուին առանց սիրոյ սեղանի։

Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերը ողջունեց եւ յայտնեց, թէ Սամաթիոյ ընտանիքի գործունէութեան միշտ մօտէն հետեւած է, քանի ինք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ վարժարանի մէջ պաշտօններ ստանձնած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը քաջատեղեակ է նիւթական դժուարութիններուն եւ քորոնա համավարակէ յետոյ համայնքային շրջանակներէ ներս եւս զգալի դարձած է տնտեսական նեղութիւնները։ Սակայն եւ այնպէս, կը գնահատէ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ վարչայիններու գովելի աշխատութիւնները, բան մը որ հաւատքի եւ յոյսի նշանն է։  Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020