ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տիրան Ա. Քահանայ Րէիսեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը՝ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին, խնդրեցին նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին թաղի առկայ հարցերուն ու կալուածներու կացութեան շուրջ։

Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար, գնահատեց թաղականներուն կողմէ տարուած աշխատանքը եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018