ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեան շաբաթավերջին թեւակոխած է իր 90-ամեակը։ Այս յոբելեանը ընտանեկան յարկէ ներս նշուած է ջերմութեամբ, մինչ համայնքային շրջանակներն ալ ուրախակից եղած են Երկանեաններուն։

Արէտ Երկանեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է թրքահայութեան տիրական դէմքերէն մին։ Որպէս երախտաշատ բարերար, փորձառու վարչային եւ համերաշխ ազգային գործիչ՝ ան միշտ վայելած է յարգանք ու համակրանք։ Իր ծառայութիւնները կը համարուին անգնահատելի։ Մեր համայնքի վերաբերեալ անկիւնադարձային բազմաթիւ ծրագրերու կամ նախաձեռնութիւններու պարագային ան միշտ բերած է իր ներդրումը՝ իր դրական խորհուրդներով, նուիրատուութիւններով ու մանաւանդ բոլորի նկատմամբ խրախուսական վերաբերմունքով։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իր ունեցած ներդրումը չի սահմանափակուիր միայն նուիրատուութիւններով, որովհետեւ Արէտ Երկանեան միշտ ունեցած է մեր համայնքին վերաբերեալ տեսլական մը, միշտ նախանձախնդիր գտնուած է մեր արժէքներուն նկատմամբ եւ ամէն գործի մէջ գերադասած է միասնականութեան ոգիի յաղթահարումը, համախոհութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արէտ Երկանեանի 90-ամեակը։ Կը մաղթենք, որ տարեդարձի տրամադրութիւնը միշտ ուղեկից ըլլայ մեր վաղեմի բարեկամ Արէտ Երկանեանի եւ իր ազնուափայլ կողակցին՝ Մոնիք Երկանեանի կեանքին՝ առողջութիւնով, երջանկութիւնով եւ բարեկամներու շրջապատումով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2020