ԵՐԹԵՒԵԿԻ ՑԱՒԱԼԻ ԱՐԿԱԾ

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Հայաստանի մէջ երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Կանխաւ յայտնենք, որ իր կացութիւնը լաւ է։

Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կը գտնուի՝ բարձրագոյն ուսումը կատարելագործելու համար։ Ս. Ծննդեան շրջանին ան կարճ ժամանակի մը համար վերադարձած էր քաղաքս, ուրկէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալու ժամանակ պատահած է արկածը։ Նկատի ունենալով, որ այս շրջանին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները ընդհատուած են՝ հայր սուրբը առաջին հերթին օդային ճամբով մեկնած է Թիֆլիզ, ուրկէ ալ ցամաքային ճամբով ուղղուած՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այդ ճամբորդութեան ընթացքին, Սեւանի մօտակայքին հայր սուրբի ճամբորդած ինքնաշարժը անցուցած է արկած մը, ինչ որ պայմանաւորուած է խստաշունչ ձմրան հանգամանքներով։ Անմիջապէս շտապօգնութիւն փութացած է դէպքի վայր եւ կատարուած է անհրաժեշտ միջամտութիւնը։ Հայր սուրբը, բարեբախտաբար, միայն թեթեւ վիրաւորում ունեցած է ճակատի հատուածէն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալէ վերջ ալ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած է անմիջական խնամք։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի կարգադրութիւններով ան յաւելեալ քննութիւններու ենթարկուած է Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Պարզուած է, որ հայր սուրբի առողջական վիճակի պարագային որեւէ բարդութիւն չէ յառաջացած։ Այս բոլորէն վերջ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան շաբաթավերջը հանգստանալով անցուցած է մայրավանքէն ներս։ Ան երէկ արդէն մասնակցած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։

Երէկ երեկոյեան ժամերուն առիթն ունեցանք զրուցելու հայր սուրբին հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ փառք կու տայ Աստուծոյ, որ առանց լուրջ հետեւանքի մը անցած գացած է երթեւեկի արկածը եւ ան ի վիճակի է շարունակելու իր բնականոն կեանքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022