ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ե­շիլ­գիւ­ղի Մոր Էֆ­րէմ ա­սո­րի հա­մայն­քի ման­կա­պար­տէ­զը։ Պէ­յօղ­լուի Ս. Աստուա­ծա­ծին ա­սո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­կա­րար մարմ­նի փոխ-ա­տե­նա­պետ Քէ­նան Կիւր­տալ եւ այլ վար­չա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան այ­ցե­լու­թեան։ Թո­րոս Ալ­ճան, որ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ շփուե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րուն հետ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց ման­կա­պար­տէ­զի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ եւ ապա­գայ ծրագրերուն մասին, զրու­ցե­լով նաեւ ման­կա­վարժ­նե­րուն հետ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015