ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ՊՕՂՈՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր հիւրընկալեց Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։ Տէր հայրը երկար տարիներէ ի վեր կը քահանայագործէ Պրազիլիոյ հայոց թեմէն ներս։ Ան տարեկան արձակուրդով քաղաքս կը գտնուէր եւ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական սիրով ընդունեց տէր հայրը, որուն հետ զրուցեց նաեւ զանազան նիւթերու շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023