ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։ Գուզիքօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրեց նաեւ թաղի եկեղեցւոյ մասին թաղային խորհուրդին ծրագիրները։

Նորին Ամենապատուութիւնը Գուզիքօղլուին ներկայացուցած տեղեկութիւններուն մասին տուաւ իր հայրական խորհուրդները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդի եկեղեցանուէր աշխատանքներն ու ծրագիրները։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023