«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵՆԷՆ ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԻ «ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՀԵՂԵՂ»Ը

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւններէն բաղկացեալ ժողովածոյ մը, որ կը կոչուի «Աստղերու հեղեղ»։ Այս գործը հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ, որ գրքի սկիզբին գրի առած է նաեւ կենսագրական ակնարկ մը։ Պետրոս Դուրեանի «Աստղերու հեղեղ»ը կը բովանդակէ տաղեր, յօդուածներ եւ նամականիէն նմոյշներ։ Գիրքին կցուած է նաեւ ծանօթագրութիւններու բաժին մը։

Պետրոս Դուրեանի ստեղծագործութիւններու այս հրատարակութեան հիմքը հանդիսացած է խորհրդային ժամանակաշրջանին՝ 1971-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ կողմէ հրատարակուած երկհատորեակին առաջին հատորը։ Այս վերջինը պատրաստուած է Ալպերթ

Շարուրեանի կողմէ, խմբագիրը եղած է Պարոյր Սեւակ։ Շարուրեանի կազմած հատորը, որ իր բնոյթով գիտական է ու կը համարուի մինչ այդ եղածներուն առաւել ամբողջականը։

«Արաս»ի կողմէ հրատարակուած գիրքին կողքը պատրաստուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 17, 2018