ՇԻՇԼԻԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇԱՀԵՑԱՒ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԼԻԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը վերջերս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Այսպէս, շիշլիցիները իրաւունք շահեցան մասնակցելու Թուրքիոյ ֆութսալի Ա. լիկի մրցակցութեան։ Մրցաշարքը յառաջ կը տարուի զանազան փուլերով։ Առաջին փուլին Շիշլիի հանդիպումները տեղի ունեցան Ատանայի մէջ։ Թուրքիոյ Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս առաջնութիւնը։ Նախաորակաւորման նախորդ երեք հանդիպումներուն բոլորէն շիշլիցիները յաջողեցան յաղթական դուրս գալ։

Մրցաշարքի յաջորդ փուլը յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած է Սամսունի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022