ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն անունով երկու ներկայացուցիչ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Ծնողներու ներկայացուցիչները՝ Սելին Կեզերօղլու եւ Թալին Լիսան այս հանդիպման կապակցութեամբ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ շեշտելով, որ քննարկման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման հարցը։

Ըստ ծնողներու կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, Սիմոն Չեքէմ նշած է, որ դպրոցէ ներս տնօրէնուհիներու փոփոխութեան ժամանակը հասած է, աւելի լաւ խումբով մը գործունէութիւնը պիտի շարունակուի եւ անհրաժեշտ չի նկատեր անցումային շրջան մը կազմակերպել։ Ուսուցչական կազմը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, սակայն միայն շարք մը հանգստեան կոչուած ուսուցիչներու պարագան վերարժեւորման կրնայ ենթարկուիլ։ Սիմոն Չեքէմ տեղեկացուցած է, որ պատրաստ է բոլոր ծնողներու հետ երկխօսութեան մէջ ըլլալու եւ կարծիքի փոխանակումներու։

Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ հանդիպման ընթացքին վերջնական տեղեկութիւն չէ փոխանցած նոր տնօրէնուհիներու անունին շուրջ, սակայն նշած է, որ թաղային խորհուրդը մտադիր է վարժարանի կառավարման գործը յառաջ տանիլ խումբի մը հետ, որուն մաս պիտի կազմեն դպրոցի կրթական մշակները։

Ծնողաց ներկայացուցիչները՝ Սելին Կեզերօղլու եւ Թալին Լիսան այս հանդիպումէն եւ զրոյցի բովանդակութենէն տեղեակ պահած են տնօրէնուհիները՝ Սաթենիկ Նշանն ու Առլին Եշիլթեփէն, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020