ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ։ Մեր այս պատմական սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Ս. Խաչ եկեղեցին լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Միացեալ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Օրուան պատգամին մէջ նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ Տէր Յիսուսի խաչելութեան մասին։ Ան բացատրեց, որ իր շրջանի կրօնաւորներն ու հարուստները քննադատելու հետեւանքով խաչուեցաւ Տէր Յիսուս։ Այդ օրուընէ վերջ խաչը դարձաւ նուիրական խորհրդանշան մը։

Քարոզի երկրորդ բաժնին մէջ ընդհանուր փոխանորդը յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, հիւանդանոցներու եւ միւս բարենպատակ հաստատութիւններու վարչայիններու ծաւալած գործունէութիւնը արժանի է գնահատանքի եւ անոնք միշտ կը գտնուին իր աղօթքներուն մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Տիրոջ Ս. Խաչի զօրութիւնը միշտ ըլլայ անոնց հետ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց նորին սրբազնութիւնը։ Մասնակիցներու թիւը այնքան մեծ էր, որ սրահի տարողութիւնը մնաց անբաւարար։ Տիկնանց յանձնախումբը անմիջապէս պարտէզին մէջ ալ բացաւ սեղաններ։ Բոլորը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հաց բեկանեցին իրարու հետ։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Պայծառ Սոլաք, որ մանրամասնութիւններ ներկայացուց թաղային խորհուրդի ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ դարձեալ անդրադարձաւ խաչի խորհուրդին։ Ան բացատրեց, որ Ս. Խաչը հրաշագործութիւններ կրնայ կատարել եթէ մարդ արարածը ունենայ հաւատք։ «Ս. Խաչը նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է։ Մի՛ կասկածիք։ Եւ Ս. Խաչը ձեր վիզերէն մի՛ կախէք որպէս զարդ, այլեւ՝ ձեր վրայ կրեցէք որպէս հաւատքի խորհրդանշան։ Նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, որ Ս. Խաչի զօրութեամբ իրականանան մեր համայնքի բոլոր անդամներու իղձերը։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018