ՎԱԶԳԷՆ ՊԱՐԸՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ մեր ազգայիններէն Վազգէն Պարըն երէկ ենթարկուած է սրտի գործողութեան մը։ Համայնքային շրջանակներու ամենահամակրելի դէմքերէն մին է Վազգէն Պարըն, որ կ՚անդամակցի նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետական խորհուրդին։ Իր վիրահատութիւնը կատարուած է «Ֆլորանս Նայթինկել» հիւանդանոցին մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, գործողութիւնը անցած է բարեյաջող եւ իր առողջական կացութիւնը կանխատեսելի հունի մէջ է։ Վազգէն Պարըն ներկայիս յետվիրահատական ապաքինման շրջանի մէջ կը գտնուի։

Այս առթիւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի բարեկամ Վազգէն Պարընին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020