Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Սրբոց Թարգամանչաց արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։

Արարողութիւններէն վերջ հոգեւոր հայրերը եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները նկարուեցան խորանին առջեւ։ (Լուսանկարը՝ եկեղեցիէն)

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017