ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն վե­րա­դար­ձաւ՝ Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հետ Հա­յաս­տան մեկ­նած էին նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, ո­րոնք պի­տի վե­րա­դառ­նան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016