ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ նախընթաց օր այցելեցին մայրաքաղաք Անգարա։ Խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որու կողքին էին ուսուցչուհիներ Երանուհի Պալճը եւ Անիլտա Մենեքշէ։ Տղաքը մայրաքաղաքի մէջ այցելեցին Աթաթիւրքի յուշադամբանը, ուր մատուցին իրենց յարգանքի տուրքը եւ շրջագայութիւն մը իրականացուցին յարակից համալիրէն ներս, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ թանգարան մը։

Տատեանցիները այցելեցին նաեւ Ազգային մեծ ժողով, ուր հանդիպումներ ունեցան հայազգի երեք երեսփոխաններուն՝ Սելինա Տողանի, Մարգար Էսաեանի եւ Կարօ Փայլանի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017