ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՍՈՒԼԻՍՈՎ ՄԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱԿՈԲ ԱՐԱՊԵԱՆԸ

Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Գատըգիւղի ընտանիքը բիւր յարգանքով եւ արդէն կարօտով ոգեկոչեց թաղի ամենահամակրելի վարչային դէմքերէն բարեյիշատակ Յակոբ Արապեանը, որու մօտաւոր անցեալին կորուստը խոր ցաւ ստեղծած էր։ Ի յիշատակ Յակոբ Արապեանի, Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս մը։ Այս երեկոյթը միեւնոյն ժամանակ եկաւ բնորոշել նոր եղանակի բացումը միութենէն ներս։ Միութեան սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր թաղեցիներու կողմէ, որոնք հերթական անգամ վերյիշեցին Յակոբ Արապեանը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին անոր տարած երախտաշատ աշխատանքին նկատմամբ։

Ձեռնարկին ներկայ էին թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, թաղի այլ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգելոյս Յակոբ Արապեանի ընտանեկան անդամները եւ այլ հիւրեր։ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր հանդիսատեսները։

Յակոբ Արապեանի ի յիշատակ կազմակերպուած ասուլիսը վարեց միութեան վարչայիններէն Սեւան Աթաօղլու։ Թէ՛ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ թէ Սեւան Աթաօղլու սկիզբին բացատրութիւններ տուին սանուց միութեան  ներկայ գործունէութեան շուրջ։ Այդ ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ միութեան վարչայիններէն Սօնա Ճերմակեանի ջանքերով յառաջ տարուած ծրագիրներուն կապակցութեամբ։

Աւելի վերջ Արամեան սանուց միութեան հիմնադրութենէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը հասնող տասնամեակները, ըստ զանազան ժամանակաշրջաններու, յաչս ներկաներուն բիւրեղացուցին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տքթ. Արտաշէս Աքտաղ, Խաչիկ Քէօսէեան, Արա Տիլպազ, Տիգրան Կետիկ, Արթին Քոնպըյըք, Ալին Շէնճան եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։ Այս վերջիններէն շատերը արդէն վարչական պատասխանատուութիւններ ալ ստանձնած էին միութենէն ներս։ Անոնք թէ՛ զանազան ժամանակաշրջաններու առանձնայատութիւնները եւ յիշատակները բաժնեցին եւ թէ այդ բովով հոգելոյս Յակոբ Արապեանի դերակատարութիւնը եւ անոր նկատմամբ իրենց յարգանքը արտայայտեցին։

Արման Պիւքիւճեանն ու Կարօ Պալեանն ալ խօսեցան Յակոբ Արապեանի Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի գործունէութեան համար բերած նպաստին շուրջ։ Իսկ իր հարազատներէն Սերենա Քիւրքճիւօղլու շնորհակալութեան խօսք մը արտասանեց բոլոր անոնց համար, որոնք կազմակերպած էին այս երեկոյթը՝ յղանալով Յակոբ Արապեանը վերյիշելու գաղափարը։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի հուսկ բանքով։ Ապա սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Երեկոյթի յայտագրի եզրափակումէն վերջ ալ ներկաները շարունակեցին անմիջական զրոյց ունենալ իրարու հետ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018