ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊԱՐՈՒՍՈՅՑ ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԷՉԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Աւանդական» պարախումբի անդամներու ընտանեկան հաւաքոյթը։ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի վերյիշման տօնին զուգադիպեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին նշուեցաւ «Աւանդական» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Կիւլէչի անուանակոչութիւնը։ «Մեր պարերը եւ մենք» կարգախօսով կը գործէ «Աւանդական»ը, որու անդամները ջերմօրէն շրջապատեցին Յակոբ Կիւլէչը։ Ոգեւոր հաւաքոյթը բնորոշուեցաւ երգերով ու պարերով ստեղծուած մթնոլորտով։

Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ իր գործակից ընկերներն ալ միացան «Աւանդական»ի ընտանիքի ուրախութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2019