ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ, շաբաթ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Հայկ Միսաքեանի կիրակնամուտի կարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին պոլսահայ ազգային գործիչ ու բարերար Հայկ Միսաքեան վերջերս մահկանացուն կնքեց Թորոնթոյի մէջ եւ յուղարկաւորութիւնն ալ տեղի ունեցաւ այնտեղ։ Այս կորուստը մեծ ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս, որովհետեւ հանգուցեալը ունէր բարեկամներ եւ սիրելիներ այստեղ՝ մանաւանդ, որ երկուորեակ եղբայրն էր մեր երախտաշատ բարերարներէն Մոնիք Երկանեանի։ Այս դառն կորուստին առթիւ մեր համայնքային շրջանակները բարոյական զօրակցութեան զգացումներով շրջապատեցին Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ կը սգար հարազատի մահը։

Շաբաթ յետմիջօրէին Ֆէրիգիւղի մէջ կիրակնամուտի առընթեր սարքուեցաւ նաեւ հանգուցեալին համար հոգեճաշ։ Նախ տեղի ունեցաւ կիրակնամուտի կարգը՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որու կողքին էին լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ապա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրհնեց սեղանը եւ բոլորը համախմբուեցան հոգեճաշի սեղաններուն շուրջ։ Սգահանդէսի մը մթնոլորտը ստեղծուեցաւ հոգեճաշի ընթացքին, մինչ Մոնիք Երկանեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Երկանեան ընտանիքին վշտակից ըլլալու փութացած էին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, ՍԷՎ-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, բազմաթիւ բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներ, ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ եւ Երկանեան ամոլին ընտանեկան բարեկամները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019