ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ձօ­նուած է հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին եւ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ երկ­րորդ ան­գամ։ Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­պում­նե­րը։ Իս­թան­պու­լա­հայ տաս­ներ­կու միջ­նա­կար­գե­րու կող­մէ խում­բեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին խա­ղե­րուն։ Այ­սօ­րուան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նով մրցա­շար­քը կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։

Մրցա­շար­քին մաս­նա­կից վար­ժա­րան­ներն են՝ Մէ­րա­մէթ­ճեան, Գա­րա­կէօ­զեան, Տա­տեան, Ե­շիլ­գիւղ, Պէզ­ճեան, Սա­հա­կեան-Նու­նեան, Պո­մոն­թի Մխի­թա­րեան, Լե­ւոն-Վար­դու­հեան, Է­սաեան, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան, Թարգ­ման­չաց եւ Մխի­թա­րեան։ 

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016