ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ԷՄ-ԵՈՒ-ԷՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Է. եւ Ը. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ՝ թիւով տասներկու, մարտի 6-8 թուականներու միջեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոչ վարժարանի կողմէ կազմակերպուած «Բնորդ Միացեալ ազգեր» (ԷՄ-ԵՈՒ-ԷՆ) ծրագրին:

Մխիթարեանցի տղաքը իրենց անգլերէնի ուսոցչուհիներ Քոլին Չենպէրի եւ Առլին Եըլտըզի առաջնորդութեամբ 6 մարտ, ուրբաթ առաւօտ ճամբայ ելան դէպի Իսթանպուլի ծովափնեայ արուարձաններէն Թուզլա, ուր տեղակայւած է Քոչ վարժարանի համալիրը: 

«Բնորդ Միացեալ ազգեր» ծրագիրը, որ վերջին տարիներուն զատ զատ կը կազմակերպուի միջնակարգի եւ լիկէոնի մակարդակներով ու տարբեր վարժարաններու հիւրընկալութեամբ, իբր նպատակ կը հետապնդէ քով քովի բերել Թուրքիոյ տարածքին զանազան վարժարաններու աշակերտները եւ անոնց մօտ զարգացնել անգլերէնի իմացութիւնը ու աշխարհի անցուդարձերու մասին  զգայնութիւնը: Մխիթարեան վարժարանն ալ քանի մը տարիէ ի վեր անխափան իր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն ծրագրին թէ՛ միջնակարգի եւ թէ լիկէոնի մակարդակներու վրայ եւ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անգլերէնի ուսուցչական կազմը համոզուած են, թէ աշակերտները մեծ օգուտ կը քաղեն այս ձեռնարկէն: Ուստի այս հեղ կարգը միջնակարգինն էր եւ հիւրընկալ վարժարանն էր Թուզլայի Քոչ վարժարանը, որ իր ընդարձակ տարածութիւնով եւ աշակերտներուն ընծայած իր բազմաթիւ կարելիութիւններով առաջին իսկ վայրկեանէն հիացմունք առթեց ծրագրին մասնակից անխտիր բոլոր տղոց վրայ:

Երեք օրերու վրայ տարածուած մէկտեղման ընթացքին տղոց կողմէ քննարկումի նիւթ դարձան բովանդակ աշխարհը յուզող ի՜նչ-ի՜նչ անցուդարձեր. ինչպէս՝ սահմաններու ապահովութիւնը, բռնի գաղթերը, ոչ վերամշակելի նիւթերու ճարտարարուեստի մէջ օգտագործումը, անասուններու եւ բոյսերու մաքսանենգութիւնը եւ անչափահաս մանուկներու որպէս բանուոր շահագործումը: Թուրքիոյ առաջատար բազմաթիւ վարժարաններու մասնակցութեամբ կայացած միջոցառման ընթացքին զանազան վարժարաններէ ժամանած տղաք կազմեցին խառն խումբեր եւ վերոնշեալ նիւթերու շուրջ ազատօրէն արտայայտեցին իրենց գաղափարները, արծարծուած հարցերը միշտ դիտելով որոշ երկրի մը տեսանկիւնէն: Այս ուղղութեամբ մխիթարեանցիներուն վիճակած էր Աֆղանիստանն ու Խրուաթիան: Երեք օր շարունակ տղաքը կարգաւ ունեցան ելոյթներ, մանրամասնօրէն ծեծելով ամբողջ մարդկութիւնը հետաքրքրող այժմէական հարցերը, պարզեցին թեր ու դէմ կարծիքներ եւ ունեցան գաղափարի փոխանակումներ: Հարկ է նշել, որ ելոյթներու ընթացքին մխիթարեանցի տղոց մօտ ուշագրաւ էր անոնց անգլերէնի տիրապետումը, նաեւ բազմութեան առջեւ համարձակօրէն եւ սահուն կերպով արտայայտուելու իրենց բացառիկ կարողութիւնը: Թուզլայի մէջ իրենց եռօրեայ կեցութեան ընթացքին անոնք գիշերեցին վարժարանի մօտակայ պանդոկի մը մէջ, միասնաբար ունեցան հաճելի ժամանց եւ միաժամանակ առիթն ունեցան վայելելու Թուզլայի բնութեան գեղեցկութիւնները:

Երեք օրուայ եւ նախապէս Մխիթարեանի մէջ իրենց կատարած նախապատրաստական աշխատութիւններու աւարտին սա մէկը ակներեւ էր, թէ տղաքը ամբարած էին այլազան գիտելիքներ, միաժամանակ ճոխացնելով իրենց անգլերէնի բառամթերքը եւ զարցացնելով անգլերէնով իրենց խօսելավարժութիւնը: Նաեւ անոնք ձեռք բերած էին հրապարակաւ արտայայտուելու վարժութիւն, ինչ որ անվարան իրենց որոշ չափով շահեցուցած էր ինքնավստահութիւն եւ քաղաքացիական արիութիւն: Բայց անոնք շահած էին ուրիշ կարեւոր բան մը եւս, որ թերեւս էր ամենակարեւորը: Հոն անոնք հաստատած էին բազմաթիւ ընկերութիւններ, բարեկամութիւններ: Եւ վստահաբար այս ընկերութիւններն են, այս եղբայրութիւններն են երեք օրերէ քաղուած ամենէն կարեւոր ձեռքբերոմները եւ ասոնք են որ յետագային պիտի ծառայեն կերտելու աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը, երկրագունդը պիտի դարձնեն աւելի բնակելի վայր մը, չքացնելով, մէջտեղէն վերացնելով վերեւ համրուած եւ աշխարհը տակնուվրայ ընող, հաւասարակշռութիւնները խախտող բոլոր հարցերը: Ահաւասիկ այսպիսի զգացումներով տոգորուած՝ մխիթարեանցիները 8 մարտ, կիրակի իրիկուն հրաժեշտ առին Թուզլայէն եւ հոն իրենց անցուցած օրերէն եւ ճամբայ ելան վե-րադառնալու համար դէպի իրենց տուները եւ իրենց հարազատ վարժարանը՝ Մխիթարեան վարժարան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2020