ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սրբոց տասն կուսանաց յիշատակութիւնը։ Աւագ շաբթուան այս խորհրդաւոր արարողութեան հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը ընդգծեց հաւատքի կեանքի մէջ արթուն մնալու եւ քրիստոնէական արժէքներու տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019