ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ֆաթիհի նորընտիր քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութեան հետ էին Ֆաթիհի գաւառակէն ներս գտնուող մեր եօթ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ նորընտիր քաղաքապետին փոխանցեց բարեմաղթութիւններ։ Ան Էրկիւն Թուրանին յաջողութիւն մաղթեց, որպէսզի քաղաքապետի կարեւոր առաքելութեան մէջ արձանագրէ յաջողութիւններ։ Ջերմ զրոյցին ներկայ գտնուած համայնքային վարիչներն ալ շնորհաւորութիւններ յղեցին նորընտիր քաղաքապետին։

Այցելութեան առթիւ խմբանկար մը կ՚երեւի քովի դրուագին մէջ։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019