ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱՆՈՐՈԳ ՈՒՂԻՈՎ

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Զատկական Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի ժամերէն սկսեալ զիրար կ՚ողջունենք Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Ծանօթ է բոլորիս, թէ այս տարի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը ստիպուեցանք տօնել մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, ֆիզիքապէս հեռու՝ մեր տաճարներէն, մնալով անհաղորդ՝ Փրկչի Սուրբ Մարմնոյն եւ Արեան հետ։ Սակայն գոհութիւն Աստուծոյ գիտութեան ընձեռած միջոցներով գոնէ կրցինք բարոյապէս փոխադրուիլ Տիրոջ Ս. Սեղանին առջեւ, հետեւելով մատուցուած Սուրբ Պատարագին։

Այս Կիրակի եւս պայմանները կը մնան անփոփոխ եւ մենք դարձեալ հարկադրուած կը մնանք մեր ընտանեկան յարկերուն տակ, գոհութիւն մատուցանելով առ Աստուած եւ աղօթելով «վասն բժշկութեան վարակելոց եւ մխիթարութեան՝ տառապելոց»։

Մեր երանաշնորհ Հայրապետները Սուրբ Յարութեան տաղաւարի յաջորդող կիրակին կոչած են Կրկնազատիկ եւ Նոր Կիրակի։ Նաեւ կ՚անդրադառնանք, թէ Արեւմտեան Եկեղեցին զայն կ՚անուանէ «Սպիտակ Կիրակի»։ Կրկնազատիկը եւ Նոր Կիրակին, ընդելուզելով նաեւ Սպիտակ Կիրակի կոչումին հետ՝ կը նշմարենք, թէ անոնք իսկութեան մէջ զիրար կը լրացնեն։ Մենք կը շարունակենք ապրիլ Սուրբ Յարութեան խորհուրդի առթած երջանկութիւնը։ Զատկական ուրախութիւնը նոյն թափով կը շարունակուի եւ մենք «կրկին Զատիկ» կը տօնենք։ Սուրբ Յարութեան կենսանորոգ զօրութեամբ մարդկութիւնը կ՚ապրի նոր շրջանէ մը ներս մտնելու ուրախութիւնը։ Նոր շրջան, ուր հինը նորոգուած է։ Հնոյն տեղ Նորը հաստատուած է։ Նոր շրջան, ուր վերջնականապէս յայտարարուած է մահուան գաղափարին պարտութիւնը։ «Սպիտակ Կիրակի». Յիշենք, թէ մարդկութեան կեանքի էջերը այլեւս վերածուած էին մեր աշակերտական շրջանին գործածած սեւագրութեան տետրակներուն։ Գրուած, սրբուած, գծուած էջեր, որոնք այդ վիճակով օգուտ չունէին մեզի համար, ոչ ալ ընդունելի։ Անոնք որպէսզի ընդունելի ըլլային եւ օգտակար, պարտաւոր էինք զանոնք «մաքուրի առնել» եւ անոնց համար ալ կարիքը ունէինք «սպիտակ» էջերու։ Սուրբ Յարութեան Խորհուրդը մեզի պարգեւեց այդ մաքուր էջերը։ Այդ մաքուր, սպիտակ էջերը մեր կեանքի սեւագրութեան էջերն էին, սրբուած ու մաքրուած՝ Քրիստոսի պատուական Արեամբ եւ պայծառացած՝ Սուրբ Յարութեամբ։ Այդ «նոր եւ սպիտակ» էջերը սահմանուեցաւ Աստուածահաճոյ արձանագրութեանց համար։ Այդ «սպիտակ» էջերուն վրայ կը ցոլայ Քրիստոսի Նոր Վարդապետութիւնը, որ կը միտի «ծանրաբեռնուած ու յոգնածները իր մօտ հրաւիրել անոնց հանգիստ խոստանալով»։ Խոստացուած հանգիստին կարելի է հասնիլ Քրիստոսի «քաղցր լուծը եւ թեթեւ բեռը» ուսամբարձ կրելով (Մատթէոս, 11.28-30)։

Քրիստոսի խոստացած նոր կեանքի հիմնական սկզբունքներու նկատմամբ չկամութիւն որդեգրած շատեր այս նոր վարդապետութեան մասին լսելով, ոչ միայն անհանգստացած, այլ նաեւ սրտնեղած էին։ Իսկութեան մէջ Քրիստոսի առաքելութիւնը կը կայանար նորոգութեան վրայ։ Նորոգութիւն մը՝ որ մաշած զգեստներու, պատառատուն կօշիկներու օրինակին ընդմէջէն կ՚իրականանար գերագոյն Հայրական սիրոյ արտայայտութեան շնորհիւ, վիրաւորուած սրտերուն եւ հոգիներուն բուժում պարգեւելով։ Շատերու արհամարհած «նոր վարդապետութիւն»ը որովհետեւ Հօր Աստուծոյ կամքով յայտնուած էր, մարդկային հնամաշ կեցուածքներ պիտի չկարենային արգելք հանդիսանալ Անոր նորոգող ներգործութեան։

Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանի նորոգող ներգործութեան կը պարտինք մեզի տրամադրուած սպիտակ էջերը։ Այս ներգործութիւնը դարեր շարունակուեցաւ ու կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի։ Առաքեալներու քարոզութիւնը հիմնաւորուած էր Աւետարանի նորոգող ներգործութեան վրայ, որուն խօսուն պտուղներու օրինակներէն մին է Աթէնքի Արիսպագոսի անդամներէն Դիոնեսիոս Արիսպագացին։ Ան եւ իր նմանները, Արիսպագոսի մէջ «Անծանօթ Աստուծոյ» սեղանի մը առջեւ կը պաշտէին աստուած մը, առանց ճանչնալու զայն։ Պօղոս Առաքեալի քարոզած Քրիստոսի «Նոր Վարդապետութեան» շնորհիւ բացայայտուած էր թէ, իրենց համար «Անծանօթ Աստուած»ը, երկնքի եւ երկրի Արարիչը՝ Ամենակալ ու Ամենազօր Աստուածն է (Գործք, 17.22-34)։ Դիոնեսիոս Արիսպագացին հաստատ համոզում գոյացուցած ըլլալով, մնաց իր հաւատքին վրայ աներեր ու սրբադասուեցաւ, որուն յիշատակը կը տօնենք։ Ան եղաւ Աթէնքի առաջին եպիսկոպոսը, ձեռնադրուած՝ Պօղոս առաքեալի ձեռամբ։

Քրիստոսով նորոգուած ըլլալու գաղափարը մեզի ունի յիշեցումներ։ Նորոգուածներ թողած են մահաբոյր հնութիւնները եւ լուսաւորուած կենսաւէտ լոյսով։ Մեզի պարգեւուած սպիտակ էջերը լեցնելու համար, այլեւս չենք կրնար մեր աչքերը դէպի ետ սեւեռել ու կարօտնալ՝ սրբուածները։ Որպէս նորոգուածներ, կանչուած ենք Աստուծոյ թագաւորութեան մաս կազմելու եւ այդ մասնակցութեան համար ըստ այնմ յառաջանալու, որուն մասին Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (Ղուկաս, 9.62)։

Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի եկեղեցւոյ գծով իր ազդարարութիւնը կ՚ուղղէ բոլորիս, այսինքն «Քրիստոսի Արեան շնորհիւ մեղքի ծառայութենէն գնուածներուս, Երկնաւոր Հօր որդեգրութեան ընդունուածներուս, Քրիստոսի ժառանգակից եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին տաճար դարձածներուս» համար։ Արդարութեան եւ անօրէնութեան, լոյսի եւ խաւարի, պիղծի եւ մաքուրի, Քրիստոսի եւ սատանայի, հաւատացեալի եւ անհաւատի, Աստուծոյ տաճարի եւ կռատուներու իրարու հակադրուած ըլլալը շեշտելէ յետոյ կը յիշեցնէ Եսայի մարգարէի «Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, Պիղծ բանի մի՛ դպչիք, Անոր մէջէն ելէ՛ք. Մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ» (52.11) եւ Եզեկիէլ մարգարէի «Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ. անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ. որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն, իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։ Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան» բառերը (Բ. Կորնթացիս, 6.14-18։ Եզեկիէլ, 11.17-20), հրաւիրելով հաստատ մնալ նորոգուած կեանքի սկզբունքներուն վրայ։

Յարութեան զաւակներ ենք, մնանք Յարութեան լոյսով լուսաւորուած, ու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած շարունակենք երգել Սուրբ Յարութեան փառքը, ըսելով.

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն Իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց.

Նմա փառք յաւիտեանս. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ապրիլ 2020, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020