ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԱՄԱԿԸ

16 մայիս 2020
12139

Պատուարժան Թաղային Խորհուրդ
Ս. Եկեղեցեաց Պէյօղլուի
ՊԷՅՕՂԼՈՒ

Տիար Ատենապետ,

Համացանցային միջոցներէն ցաւով տեղեկացանք, թէ Խորհրդոյդ որոշումով Էսաեան լիսէի զոյգ տնօրէններ՝ Տիկին Սաթենիկ Նշանի եւ Տիկին Առլին Եշիլթեփէի պաշտօններուն վերջ տրուած են։

Էսաեան վարժարանը մեր համայնքային կրթական համակարգին մէջ ունի պատուաբեր դիրք մը։ Մեր զոյգ կրթական նուիրեալ մշակները իրենց ուսուցչական ու վարչական կոչումներուն, նաեւ պատասխանատուութեանց, խոր գիտակցութեամբ ջանացած են անցեալէն փոխանցուած գիծը շարունակել, երբեմն գերմարդկային ճիգեր վատնելով։

Մենք անձնապէս գիտենք, թէ իրենց ծառայութիւնը որքան արժանի է գնահատանքի։ Անցեալին Պատրիարքական Աթոռը զանազան առիթներով գնահատական արտայայտութիւններ ունեցած է վարժարանի կրթական համակարգին նկատմամբ։ Ուստի, որպէս թէ պաշտօնական, սակայն խորքին մէջ անպատշաճ շարժուձեւով մը մեր այս արժէքաւոր կրթական մշակներու ցարդ ունեցած գնահատելի աշխատանքը առ ոչինչ համարելով, զիրենք պաշտօնազրկելը վիրաւորանք է ո՛չ միայն ենթականերուն, այլ նաեւ համայնքի արժանապատուութեան նկատմամբ։ Որպէս Հոգեւոր Պետը այս համայնքին, ամենայն հանգստութեամբ կրնանք ըսել, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի այս ձեւով վերաբերուիլ կրթական մշակներու նկատմամբ՝ նկատելով, որ անոնք դիւրութեամբ չեն պատրաստուիր։ Լաւ կրթական մշակներու ի պատուի ըլլալը դուռ կը բանայ այլոց, որպէսզի քաջալերուելով նուիրուին կրթանուէր առաքելութեան։

Համայնքային վարժարանի վարչական փոփոխութիւնը հասկնալի կրնայ դառնալ միայն այն պարագաներուն, երբ լուրջ անհանգստացուցիչ պարագայ մը գոյութիւն ունի։ Մեր զոյգ կրթական մշակներու հասցէին, որքան որ գիտենք, ո՛չ Կրթական պաշտօնական շրջանակներէ, ո՛չ ուսուցչաց կազմէն, ո՛չ աշակերտութենէն եւ ոչ ալ ծնողներէն որեւէ բողոք կամ գանգատ եղած է։ Ուստի, անոնց պաշտօնանկութեան ուղղութեամբ կայացած որոշումը ինքնին կ՚իմաստազրկուի։ Մասնագէտներու գաղափարներուն, մանաւանդ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններու արժէք ընծայւած մերօրեայ կեանքի պայմաններուն ներքեւ, երբ կրթական համակարգի կանոնաւորութեան եւ վարժարանի առաքելութեան առողջ գոյատեւման սկզբունքներուն անգիտակ անձերու նման որոշումներ կայացնելը ի՞նչ աստիճանի արժէք կ՚ունենայ, գնահատանքը կը թողունք ձեզի։

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը մարմին մըն է, որ անցեալին ունեցած է պատուաբեր գործունէութիւն եւ իր յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Էսաեան լիսէն, մանաւանդ այն օրերուն, երբ կը մատակարարէր նաեւ Լուսաւորչեան եւ Պէզազեան նախակրթարանները։ Էսաեան վարժարանը անհատական վարժարան մը չէ՛, նաեւ ընդգծելով պիտի ըսենք, թէ անհատական խանութ մը կամ գործատեղի մը բնա՛ւ չէ։ Ուստի ո՛չ ոք իրաւունքը ունի այս պատմական կրթական օճախին, անոր վարչութեան եւ կրթական համակարգին հետ վարուելու այնպէս, կարծես իր գործատեղին վարած ըլլար։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին առաջնահերթ պարտականութիւնն է մեր այս կրթական հաստատութիւնը մատակարարել լաւ պայմաններով, որպէսզի անոր արդար իրաւունքը վայելեն՝ արդիւնքներով երջանկանալու եւ հպարտանալու։

Որպէս մեր համայնքին առաջին սպասաւորը՝ մենք իրաւունք ունինք ձայնը ունենալու։ Իր ձայնը ունենալու իրաւունք ունի նաեւ մեր համայնքը։ Որովհետեւ Էսաեան վարժարանը կը շարունակէ գործել համայնքի հաւատքի լումաներով։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի նման վերաբերմունք մը ցուցաբերելու։ Մենք ամէն բանէ առաջ իրաւունք ունինք մեր խօսքը բերելու, նախ որպէս սոսկ անդամը այս համայնքին, բայց կայ ամենակարեւորը, զոր կը յիշեցնենք. Պատրիարքական Ուխտը մեզ կը լիազօրէ ի կարեւորս արտայայտուիլ, պաշտպանելու համար համայնքային հաստատութիւն մը, վարչական մարմին մը եւ կամ սոսկ՝ ազգային գործիչ մը։

Մենք այսու կու գանք հայրաբար թելադրել, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր որոշումը։ Եթէ հարցեր գոյութիւն ունին, զանոնք կրնաք բերել ու յանձնել համայնքի ուշադրութեան եւ մենք անձնապէս պատրաստ ենք մեր կարելին ընելու, որպէսզի հարցերը լուծում գտնեն եւ ձգտեալ վիճակները խաղաղին։ Եւ այդ բոլորը ընել յանձն կ՚առնենք ի սէր համայնքային կեանքի առողջ գոյատեւման, որուն մէջ կը կայանայ մեր ապագան։

Մաղթելով Խորհրդոյդ ողջմիտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն,

Մնամք հայրական օրհնութեամբ՝

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020