ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտները երեկոյթի ընթացքին առարկայ դարձան Էսաեանի ընտանիքի գուրգուրանքին եւ բոլորը անոնց յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին՝ իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։
Վարժարանի պարտէզին մէջ կազմակերպուած երեկոյթը սկսաւ ութերորդ դասարանի շրջանաւարտներուն հանդիսաւոր տողանցքով։ Հանդիսավարներն էին Երազ Էշմէզօղլու եւ Էտվին Տավուլճու։ Յանուն ընթացաւարտներուն արտայայտուեցան Լիանա Ճինկէօզ, Թալիա Ճամկէօզ եւ Արթուն Տողան։ Տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
Շրջանաւարտները խմբերգներ ներկայացուցին երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ բաժնուեցան վկայականները։ Այս շրջագծով պարգեւատրուեցաւ դպրոցի առաջինը՝ Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, որ նուաճեց նաեւ «Սարայլը» մրցանակը։ Ընթացաւարտները ներկայացուցին նաեւ պարեր, մինչ իրենց համար հատուեցաւ կարկանդակ մը։
Ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ բոլորը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Ծատուրի գործադրած երաժշտական յայտագրով։
Հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ որպէսզի Էսաեանի ընտանիքին անունով պարգեւատրուի աշակերտներէն Ալէն Նշան, որ փայլուն յաջողութեան հասած է «Mind Lab» մրցոյթին շրջագծով։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեան եւ իր ընկերները, Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, ծնողներ եւ հիւրեր։