«ՄԱՐԱԼ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտեան ժամերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարչայինները։ Այսպէս, տեղապահ ընտրուելուն առթիւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պատասխանատուներէն Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Միրիճանեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ միշտ գնահատանքով հետեւած է համոյթի գործունէութեան եւ ձեռքբերումներուն։ Ուստի, ան յարատեւութիւն մաղթեց «Մարալ»ի ընտանիքին։

Զրոյցի տեւողութեան վարչայինները տեղեկութիւններ փոխանցեցին «Մարալ»ի վերաբերեալ զանազան ծրագրերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019