ԼՍԵԼ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Առօրեայ մեր ապրումներուն մէջ անուրանալի է վկայութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ կը փնտռենք վստահելի կռուան մը դրական առումով լուսաւորուելու համար։ Սուրբ Գիրքը՝ իր պարունակութեամբ բոլորիս կը ներկայանայ որպէս հոգեւոր վկայութեան ակ։

Սուրբ Գիրքը, որ կը կոչուի նաեւ «Աստուածաշունչ Մատեան», մեր հոգեւոր կեանքին մէջ ներկայութիւնն է Աստուծոյ Խօսքին։ Աստուած ի սկզբանէ մարգարէներու եւ այլ սուրբ անձերու միջոցաւ իր պատգամները փոխանցած է մարդկութեան։ Աստուած անձնապէս կը խօսի եւ կամ սուրբ անձեր Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ ու ներշնչմամբ կը խօսին Աստուծոյ կամքին ուղղութեամբ։ Եթէ հարց տրուի, թէ ի՞նչ է այդ պատգամներու հաղորդումին գլխաւոր նպատակը, կրնանք պատասխանել համառօտ կերպով. «ցոյց տալ Աստուծոյ արարիչ ըլլալու հանգամանքը, Աստուծոյ մեծագործութիւնը եւ կատարելութիւնը, մարդուն տկարութիւնը, այդ տկարութեան ի տես գթառատ Հօր օրինակով մը Աստուծոյ ցուցաբերած անսահման ողորմութիւնը, գթութիւնը եւ սէրը, եւ այդ սիրով դրսեւորուած՝ մեղաւոր ու անկեալ մարդը ապաշխարութեան հրաւիրելու եւ փրկելու հզօր կամքը»։ Այս մասին Պօղոս Առաքեալի խօսքը կու գայ լաւագոյնս արտայայտել Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւնը. «Աստուածաշունչ ամէն Գրուածք օգտակար է ուսուցման, յանդիմանութեան, ուղղելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը ըլլայ կատարեալ, ամրացած բարի գործի համար» (Բ. Տիմոթէոս, 3.16-17)։

Սուրբ Աւետարանէն ճառագայթող վկայ, վկայել, վկայութիւն բառերը իրենց իմաստի լիութեամբ կու գան տպաւորել մեզ, մանաւանդ երբ կը տօնենք Քրիստոսի պայծառակերպութեան տաղաւարը։ Այս տօնակատարութիւնը լաւ առիթ է վերստին լսելու Սուրբ Աւետարանի մէջ յայտնուած վկայութիւնները, որոնք մեր առջեւ կը կենան որպէս աննիւթական արձաններ, զորս կարելի չէ փշրել, կարելի չէ հալոցի մէջ հալեցնել քանզի այդ աննիւթական արձանները նոյնինքն Աստուծոյ վկայութիւններն են Իր Միածին Որդիին՝ մեր Փրկիչին նկատմամբ։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին Սուրբ Աւետարանը կ՚ուսուցանէ Քրիստոսի Յորդանան Գետին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռամբ մկրտուիլը։ Յորդանան գետին մէջ կատարուած մկրտութեան պահուն Ամենասուրբ Երրոդութեան ներկայութիւնը կը տեսնուի. Որդին կը մկրտուի, Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ կ՚երեւնայ ու Հօր Աստուծոյ ձայնը կը լսուի. «Ասիկա է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մատթէոս, 3.16-17)։

Քրիստոսի պայծառակերպութեան տաղաւարը, եւս յիշատակութիւնն է Սուրբ Աւետարանով փոխանցուած դէպքի մը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Քրիստոսի Աստուածային բնութեան կատարելապէս յայտնութիւնը լերան մը բարձունքին վրայ։ Քրիստոս կը պայծառակերպուի, Սուրբ Աւետարանի բառով՝ կ՚այլակերպուի ի ներկայութեան իր շատ սիրելի երեք առաքեալներուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի։ Շլացուցիչ սքանչելի տեսարան մը, որ խոր տպաւորութիւն կը գործէ ականատեսներու մօտ։ Լոյսով ողողուն, պայծառութեան տիրապետող միջավայր մը, ուր կը յայտնուին նաեւ Մովսէսը եւ Եղիան, Հին Ուխտի երկու տիտան դէմքերը, առաջինը՝ որպէս ներկայութիւնը օրէնքին, իսկ երկրորդը՝ մարգարէներուն։ Մովսէսի եւ Եղիայի ներկայութեամբ կը յայտնուի թէ Քրիստոս լրումն է օրինաց եւ մարգարէից (Մատթէոս, 5.17-18)։ Պետրոս Առաքեալ այն աստիճան տպաւորուած ու սքանչացած էր, որ չէր ուզեր բաժ-նըւիլ եւ կ՚առաջարկէր երեք տաղաւարներ շինել Տիրոջ, Մովսէսի եւ Եղիայի համար։ Այս հրաշալի երեւոյթին մէջ կար նաեւ լուսաւոր ամպ մը եւ ամպի ընդմէջէն լսուած ձայնը Հօր Աստուծոյ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ. Ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս, 17.4-6)։ Քրիստոսի այլակերպութեան պահուն երկինքէն լսուած Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը փոքր տարբերութիւն մը ունի Յորդանան գետին մէջ յայտնուած վկայութենէն։ Իրաւ է թէ՝ Հայր Աստուած երկու վկայութիւններով Միածին Որդիին նկատմամբ իր հաճութիւնը կը յայտնէ, սակայն այլակերպութեան պահուն յայտնուած վկայութեան մէջ կայ հրահանգ մը. «Ատոր մտիկ ըրէք»։

Այս սքանչելի տեսարանը վայելող առաքեալները, յետագային ականատեսները պիտի ըլլային նաեւ Թաբոր լերան վրայ այլակերպուած ու Աստուածային փառքով յայտնուած Քրիստոսի մատնութեան, խաչելութեան, թաղման եւ յարութեան։ Առաւել եւս անոնք պիտի լսէին յարուցեալ Փրկչին նախ քան իր Համբարձումը ունեցած արտայայտութիւնը. «Այլ երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ՝ զօրութիւն պիտի առնէք եւ վկաներ պիտի ըլլաք ինծի համար Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ եւ մինչեւ երկրի ծայրերը» (Գործք Առաքելոց, 1.8)։

Յակոբոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները թէ՛ իրենց վայելած սքանչելի յայտնութեան անջնջելի տպաւորութեամբ, նաեւ Սուրբ Հոգիի գալուստէն յետոյ յիրաւի զօրացած, դարձան ճշմարիտ վկաները Քրիստոսի Աւետարանին, տալով իրենց վկայութիւնները եւ այդ վկայութիւններով վարակեցին բազում անհատներ, որպէսզի անոնք եւս կարենային հաստատուիլ հաւատքի վէմին վրայ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի յոյսով։ Յակոբոս Առաքեալ պիտի գրէր թէ՝ «ամէն բարի շնորհ եւ ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն են, իջած լոյսի Հօրմէն, որուն մէջ չկայ փոփոխում, եւ կամ փոփոխումի ստուեր։ Ան իր կամքով ծնաւ մեզ ճշմարտութեան խօսքով, որպէսզի մենք ըլլանք իր ստեղծածներուն պտուղը» (Յակոբոս, 1.17-18)։ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները երբ լծուեցան Աւետարանի քարոզութեան, դէմ յանդիման մնացին հրեաներու խոչընդոտներ յարուցանող կեցուածքին հետ։ Դատական ատեանի առջեւ երկու առաքեալները համարձակ կերպով ըսին. «Մենք չենք կրնար չխօսիլ, ինչ որ տեսանք եւ լսեցինք» (Գործք Առաքելոց, 4.20)։

Հօր Աստուծոյ վկայութիւնները եւ այդ վկայութեանց վկաները դարձած առաքեալներու տողերը կը հրաւիրեն մեզ, բոլորս, որպէսզի աներեր հաւատքով կապուած մնանք Քրիստոսի Փրկիչ աշխարհի եղած ըլլալու ճշմարտութեան։ Ի սկզբանէ առաքեալներու որդեգրած ճշմարիտ հաւատքի ուղին շարունակուեցաւ անընդհատ Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան շնորհիւ։ Առաքելութիւն մը, որ Քրիստոսի Աւետարանի քարոզութեան սիրոյն ունեցաւ ճշմարիտ վկաներ, որոնք իրենց կեանքին գնով վկայեցին Քրիստոսի Աստուծոյ Որդի ըլլալու ճշմարտութեան մասին։

Առաքեալներու վկայութիւնները դուռ բացին, որպէսզի հաւաքականութիւններ Քրիստոսի Աւետարանի ճշմարտութեամբ այլակերպուին, ընդգրկելով ճշմարիտը, բարին ու գեղեցիկը։ Այս դրական այլակերպութեամբ զարդարուած հաւաքականութիւններ յիրաւի պահեցին Աստուածատուր շնորհները, վառ պահելով այն հաւատքը թէ՝ «շնորհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եղան» (Յովհաննէս, 1.17)։

Այսօր առաքեալներու քարոզութեամբ յառաջացած այլակերպեալ կեանքի գիծը, դժբախտաբար ոմանց մօտ վերածուած է այլասերումի, ուր կարելի չէ գտնել առաքեալներու վկայած հաւատքի ճշմարտութեանց նշոյլն իսկ։ Այսօր, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներ հարցումներով կը ներկայանան ի տես մերօրեայ ժամանակներու ժխտական առումով խաւարամած այլակերպութեան. «Արժէք չունի՞ն միթէ Աստուածային շնորհները որոնք պարգեւուեցան Քրիստոսի միջոցաւ։ Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ Որդիին հաւատալով ձեր մէջ կ՚ունենաք Աստուծոյ վկայութիւնը։ Ստախօ՞ս կը հանէք զԱստուած, որուն վկայութիւնը լսեցինք ու փոխանցեցինք այլոց» (հմմտ. Բ. Պետրոս, 1.16-18, Ա. Յովհաննէս, 5.10-11)։

Փառք Աստուծոյ մեր ժողովուրդը եւս այլ ժողովուրդներու կարգին պատիւը ունեցած է Քրիստոսի Աւետարանի լոյսով այլակերպուելու։ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալներու քարոզութեամբ հաստատուած Հայ Եկեղեցին վերընձիւղեցաւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ թագաւորի միասնական ջանքերով։ Յովհաննէս Վարդապետ Պլուզի հեղինակած շարականի բառերը կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր վաստակը. «…նման խաչի մահուամբ Որդւոյն չարչարանօք իւր սուրբ մարմնոյն զազգս Հայոց կոչեաց ի նոյն» (Շարական՝ Եօթն Խոտաճարակաց)։ Քրիստոսի Աւետարանով այլակերպուած մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ապրուեցան զարգացումներ, ունեցանք գիր եւ գրականութիւն, հայերէն Սուրբ Գիրք։ Թէեւ մեր ժողովուրդը ունեցաւ նեղութիւններ, տառապանքներ, սակայն այդ բոլորին մէջ իրեն առաջնորդ եւ պաշտպան ունեցաւ Հայ Եկեղեցին, որ իր կարելին ի գործ դրաւ ամոքելու համար ցաւերը։ Եկեղեցին՝ մարմինը Քրիստոսի, կը մարմնաւորէ Աստուածային սրբութիւնները եւ առանց այդ սրբութիւններուն հայ քրիստոնեայ իրականութիւնը ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Ոմանք կրնան փորձել Եկեղեցին լուսանցքի վրայ փոխադրել։ Նաեւ կրնան փորձել Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկրորդական եւ կամ աւելի վար մակարդակի վրայ աստիճանաւորուած տեսնել։ Նոյնիսկ կրնան առ ոչինչ համարել կրօնական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յաճախ մոռնալով, թէ այդ դաստիարակութիւնը կը սկսի ընտանեկան յարկերու ներքեւ։ Հայ ժողովուրդը եւ Հայ Եկեղեցին միաձուլուած են։ Կարելի չէ զանոնք բաժանել։ Ոչ միայն կարելի չէ բաժանել, այլ նաեւ կարելի չէ միաձուլուած որմէն աղիւս մը հանել ու անոր տեղ այլ տեսակի աղիւս պատուաստելու փորձ կատարել եւ կամ փորձելու կամք դրսեւորել։ Գաղափարախօսութիւններ կու գան ու կ՚անցնին։ Սակայն Աւետարանական ճշմարտութիւն է թէ՝ «երկինք եւ երկիր պիտի անցնին, բայց Քրիստոսի Խօսքերը պիտի չանցնին» (Մատթէոս, 24.35), զի «Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր նոյն եւ յաւիտեան»։ Մեր ժողովուրդը ունեցած է իմաստութիւնը իր բարոյական տունը կերտելու Քրիստոսի Խօսքի ժայռին վրայ։ Աւետարանի բառերով «անձրեւներ իջած, գետեր յորդած, հովեր փչած եւ այդ տան զարկած» ըլլալով հանդերձ մնացած է աներեր (Մատթէոս, 7.24-25)։ Եթէ կ՚ուզենք, որ այդ տունը աներեր մնայ յաւիտեան, պարտինք պահել մեր հաւատքը աներեր, որպէս քաղցր լուծ, միշտ խոստովանելով թէ՝ «Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է, ղրկուած Հօր կողմէ, իբրեւ Փրկիչ աշխարհի»։ Այդ հաւատքն է որ մեզ պիտի պահէ այլակերպեալ ու այդ հաւատքը անշէջ պիտի պահէ Լոյսը, որ մեզ խաւարէն դուրս բերաւ, առաջնորդելով Աստուածգիտութեան։

Համավարակի այս օրերուն պարագաներու բերումով ու կիրարկուած առողջապահական միջոցառումներու բերումով աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր հեռու մնացած ենք մեր աղօթքի տուներուն մէջ ազատ համարձակ պաշտամունքի մասնակցելէ։ Հեռակայ դրութեամբ հետեւեցանք ու կը շարունակենք հետեւիլ մատուցուած Սուրբ Պատարագներուն ու քարոզխօսութեանց։ Քրիստոսի պայծառակերպութեան տաղաւարը լաւագոյն առիթ մը կրնայ ըլլալ անդրադառնալու, թէ մենք զաւակներն ենք հաւատքով այլակերպուած մեր պապերուն։ Որքան լաւ կ՚ըլլայ, եթէ անդրադառնանք, թէ Աստուածային օրհնութեամբ կազմուած իւրաքանչիւր ընտանեկան յարկ բաղկացուցիչ տարրն է Քրիստոսի Եկեղեցիին։ Նաեւ որքան լաւ կ՚ըլլայ այդ բջիջները շնչեն Աստուածային օրհնութեան առողջ մթնոլորտը ու հաղորդ դառնան Կեանքի Խօսքի օրհնապարգեւ պատգամներուն։

Պօղոս Առաքեալի խրատը այսօր եւս նոյն այժմէութեամբ կու գայ ներկայանալ ամրապնդելու մեր հաւատքի կեանքը. «Եւ այս աշխարհի կերպարանքով մի՛ կերպարանաւորուիք, այլ նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքի նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք բարին եւ թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը՝ բարին, հաճելին եւ կատարեալը։ …հոգիով եռացէք. Տիրոջ ծառայեցէք. յոյսով ուրախացէք. նեղութեան համբերեցէք. ստէպ աղօթեցէք» (Հռովմայեցիս, 12.2 եւ 11-12)։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ զօրութիւն, լսելու այն բոլոր վկայութիւններուն, որոնք կարող են զմեզ պահել կեանքի լուսաւոր ճանապարհներուն մէջ եւ առաջնորդել՝ դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

12 յուլիս 2020, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020