ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի շրջափակէն ներս հերթական անգամ եռուզեռ ստեղծուեցաւ այս արարողութիւններուն առթիւ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Պոլսոյ զանազան թաղերէն փութացած ուխտաւոր հաւատացեալներ, որոնք ջերմ մթոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի գլխաւորած թաղային խորհուրդին կողմէ։

Պատարագիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր հովիւներու, հիմնադիրներու, սատարողներու եւ սպասաւորներու, նաեւ այժմու բարերարներու հանգուցեալ հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին արտայայտուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022