ԹԱԼԻՆ ՆԱՅԻՐ՝ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Թալին Նայիր։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն բազմավաստակ ու փորձառու կրթական մշակ մը Եղիսաբէթ Չաթանասլան կը վարէր այդ պաշտօնը։ 2015-2016 կրթական շրջանի աւարտին ան որոշած է կոչուիլ հանգստեան՝ բազում տարիներու իր երախտաշատ ու նուիրեալ կրթական գործունէութենէն վերջ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն խորհրդակցաբար որոշած են իրեն յաջորդ նշանակել Թալին Նայիրը, որ շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր համայնքային զանազան վարժարաններէն ներս ստանձնած է բազմաբնոյթ պաշտօններ։
Թալին Նայիր իր ուսումը ստացած է Կէտիկփաշայի երբեմնի Մեսրոպեան վարժարանի, Պէզճեան Մայր վարժարանի եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է «Մարմարա» համալսարանին մէջ։ Կրթութեան բնագաւառի ղեկավարման ճիւղին մէջ ուսումը խորացուցած է Իսթանպուլի «Թիճարէթ» համալսարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Մինչ այդ, մասնակցութիւն բերած է նաեւ բազմաթիւ վերապատրաստման ծրագրերու։
Թալին Նայիր ցարդ պաշտօնավարած է համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը եղած է իր հիմնական երդիքը։ Մօտաւոր անցեալին երկու տարի վարեց նաեւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս եղած է հսկիչ, փոխ-տնօրէնուհի եւ երկու շրջան ալ տնօրէնուհի։ Համայնքէն դուրս ալ պաշտօնավարելու փորձառութիւն ունի։ Աշխատած է Ուլուսի ՄԷՖ վարժարանին մէջ՝ որպէս դասարանի ուսուցչուհի։
Թալին Նայիր համայնքային կեանքէն ներս մասնակցութիւն բերած է նաեւ ընկերամշակութային ձեռնարկներու։ Պէզճեան սանուց միութեան երդիքին տակ մասնակցած է ժողովրդական պարերու վերաբերեալ գործունէութիւններու։ Եղած է նաեւ պարուսոյց, միեւնոյն ժամանակ մաս կազմած՝ միութեան վարչութեան։
Թալին Նայիր գիտէ նաեւ անգլերէն եւ զարգացած ծանօթութիւններ ունի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու կալուածէն ներս։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Թրքահայ կեանք
- 10/07/2024
- 10/07/2024