ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարան։ Այսպէս, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը, փոխ-ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, նախկին ատենապետներէն Մուրատ Չաքան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան ընդունուեցան Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Մեսուտ Կիւրսոյ, որ թոփգաբուցի մը ըլլալով՝ թաղային խորհուրդին հետ մշակած է ջերմ յարաբերութիւններ։

Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը քաղաքապետի ընտրութենէն ի վեր չէր կրցած այցելութեան փութալ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Ուստի, թաղային խորհուրդը Թոփգաբուի ընտանիքին անունով քաղաքապետը շնորհաւորելու հնարաւորութիւն ալ չէր ունեցած։ Երէկուան այցելութիւնը հանդիսացաւ այդ յապաղած առիթը, որպէսզի Թոփգաբուի ընտանիքի ներկայացուցիչները իրենց բարեմաղթանքները յղեն քաղաքապետին։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ եւ թաղի առկայ կարիքներուն։ Քաղաքապետը մեծ հետաքրքրութեամբ լսեց իրեն ներկայացուած տեղեկութիւնները։ Ան խոստացաւ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին փոխադարձ այցելութիւն մը տալ եւ այդ առիթով ալ տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղել եկեղեցւոյ եւ վարժարանի առկայ կարիքներուն շուրջ։ Քաղաքապետը պատրաստակամ է իր հնարաւորութեան սահմաններուն ներքեւ նպաստել առկայ կարիքներու դիմագրաւման։ Քաղաքապետարանէ հրաժեշտ առնելէ առաջ Թոփգաբուի ընտանիքի անդամները յայտնեցին, որ իրենց համար մեծ երջանկութիւն եւ պատիւ պիտի ըլլայ ընկալել քաղաքապետի փոխադարձ այցելութիւնը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021