ԲՈԼՈՐ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս կու գայ մեր համայնքային մամուլին մէջ։ Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ վերջին օրերուն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հեռաձայնով կատարուած հարցազրոյց մը հրապարակեցին նորին սրբազնութեան հետ։ Իր յայտարարութիւնները լոյս տեսան նաեւ սփիւռքեան կարգ մը թերթերու մէջ եւ ի շարունակութիւն արձագանգ ունեցան նաեւ համայնքային մամուլին մօտ։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնուած է ծանր փակուղիի մը, մենք անընդհատ կապի մէջ ենք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ ու քաջատեղեակ՝ հաւանական լուծումներու վերաբերեալ իր պատկերացումներուն։ Մօտէն ծանօթ ըլլալով իր տեսակէտներուն՝ կը նկատէինք, թէ լը-րասփիւռներուն մօտ արձագանգ գտած իր խօսքերը ամբողջական, կատարեալ պատկեր մը չէին ցոլացներ առկայ փակուղիի վերաբերեալ իր ընկալումներուն կապակցութեամբ։ Հետեւաբար, ձեռնպահ մնացած էինք Հայաստանի եւ սփիռքեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ արձագանգ գտած իր յայտարարութիւններուն տեղ տալով։ Եւ ահա նորին սրբազնութիւնն ալ անդրադարձած է այս հանգամանքին եւ հանրային կարծիքի մօտ հաւանական մոլորութիւնները կամ թիւրիմացութիւնները կանխելու առաջադրութեամբ հանդէս եկած է մանրամասն լուսաբանութիւնով մը, որ կը կրէ «Ստուգում» խորագիրը։ Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի յայտարարութիւնը առանց մեկնաբանութեան։ Այս նիւթին վերաբերեալ մեր խորհրդածութիւնները կը թողենք յառաջիկայ օրերուն։

*

Փարիզի «Նոր Յարաջ» թերթի 17 Հոկտեմբերին հրատարակուած եւ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ արձագանգած լուրը թէեւ շիտակ՝ կարիքն ունի որոշ լուսաբանութեան: Լուրը «Թերթ» կայքէջի լրագրողի հետ կատարուած բուն զրոյցիս ամբողջութիւնը չէր ցոլացներ եւ ուստի կրկին անգամ մը եւս փաստուած եղաւ անառողջութիւնը հեռաձայներու վրայ կատարուած զրոյցներուն: Սակայն ասիկա լաւ առիթ մը հանդիսացաւ աւելի ընդարձակօրէն անդրադառնալու վերջին զարգացումներուն եւ բացատրելու նաեւ, թէ խնդիրները մեր կողմէ ինչպէս կը դիտուին:

Երբ լրագրողը զանգեց անցեալ Ուրբաթ, Տեղապահ Գարեգին Սրբազանին հետ ճաշի էինք եւ ինքն ալ ունկնդիր եղաւ բոլոր ըսածներուս ու ոչ մէկ բան տարօրինակ թուեցաւ իրեն: Որովհետեւ մենք յաճախ կը զրուցենք իրեն հետ բոլոր հաւանակութիւններու մասին: Հետեւաբար նախ եւ առաջ շեշտել կ՚ուզեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք դաւաճանութեան հէքեաթներ հիւսել սկսած են ներշնչուելով իմ խօսքերէս՝ մեծապէս յուսախաբ պիտի ըլլան: Ինչ որ պիտի կարդաք ստորեւ իմ եւ Բարձ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի միախորհուրդ գաղափարներն են պատրիարքական ընտրութեանց վերջին զարգացումներու վերաբերեալ:

Շատ երկար կ՚ըլլայ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի բոլոր հանգրուանները սկիզբէն վերաքաղ ընել: Սակայն առանց իմանալու, թէ ինչպիսի դժուարութիւններ յաղթահարելով հասանք այս օրերուն՝ անկարելի պիտի ըլլայ արժեւորել ներկան եւ անոր մատուցած խնդիրները: Ըստ եկեղեցական կանոններու եւ ընկալեալ սովորութիւններու, ամէն ինչ կարգին ընթացաւ: Արդէն մինչեւ հիմա ոչ մէկ օրինաւոր սխալի մասին խօսող կայ: Կը խօսուի միայն պետական ոչ-յստակ եւ անորոշ մերժումի մը մասին՝ առանց բանաւոր պատճառի: Ըսուած պատճառներն ալ պոլսոհայերու մեծամասնութիւնը՝ ներառեալ զիս չեն բաւարարեր: Պէտք է որ այս պետական լռութիւնը ձեւով մը վերջ գտնէ եւ մենք որպէս համայնք մեր առջեւը տեսնենք:

Պարոն Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ բանաւոր եւ գրաւոր արտայայտութիւնները ծանրակշիռ պնդումներ են: Ինք կը խօսի որպէս պետութեան բանբեր եւ իշխանութիւնները չեն հակառակիր իր ըսածներուն դէմ: Ես անձնապէս կը հաւատամ անոր ըսածներուն ճշգրտութեան: Սակայն որքան ալ շիտակ խօսի Պարոն Շիրինօղլուն՝ մենք որպէս Եկեղեցի եւ համայնք ստիպուած չենք իր ըսածները որպէս պատուէր ընկալելու: Այս խնդրին մէջ մեր խօսակիցը ի՛նքը չէ, այլ մեր պետութիւնն է, որուն ուղղած ենք մեր բոլոր դիմումները գրաւոր կերպով եւ այս երկրի որպէս հաւատարիմ հայրենակիցներ իրաւունք ունինք գրաւոր պատասխան մը ստանալու: Մինչեւ որ պետութիւնը կը զլանայ գոհացնել մեր այս արդար պահանջը եւ կը լռէ՝ մենք ալ կը շարունակենք մեր ճամբան ըստ եկեղեցական օրէնքներուն, ինչպէս որ է ցայժմ:

Պիտի չդադրինք երբեք բարձրաձայնելէ նոր պատրիարք մը ընտրելու մեր արդար իրաւունքը եւ պիտի շարունակուի մեր եկեղեցական կեանքը մեր ընտրեալ տեղապահով: Այս միջոցին առանց յուսահատելու պիտի բախենք բոլոր դռները, որպէսզի հանգոյցները լուծուին իշխանութիւններու կողմէ: Պետութեան հետ երկխօսութենէն զատ ուրիշ այլընտրանք մը չունինք:

Բարձրաշնորհ Գարեգին Սրբազանը որպէս տեղապահ, խաղաղասէր բնաւորութեամբ, բոլորին սէրն ու յարգանքը վայելող ընտիր ու տիպար եկեղեցական մը, յաջողեցաւ խաղաղութիւն եւ աշխուժութիւն բերել մեր յոգնաբեկ համայնքին: Ինքը օժտուած է հոգեւորականի մը բարձրագոյն ստորոգելիներով: Եւ շնորհիւ այս ազնիւ մարդկային յատկանիշներուն, ան երբեք իր անձը առաջ քշելու մարմաջը չէ ունեցած մինչեւ այսօր: Ան եկաւ այս ընտրութեան թնճուկէն դուրս հանելու համար իրեն շատ սիրելի Պոլսոյ հայութիւնը եւ ձեւով մը օգտակար ըլլալու որպէս տեղապահ եւ եթէ Տէրը կամենայ, որպէս պատրիարք: Ինք երբեք միտք չունի, որ դառնայ նոր խնդիր մը այս համայնքի գլխուն, քանի որ լուծումներու խոնարհ մարդն է ան ու ոչ թէ խնդրայարոյց մարմաջող մը: Ան «բանալի» անձ մը եղեր է միշտ ու երբեք չ՚արտօներ, որ «կղպանք» մը դառնայ ընտրութիւններուն առջեւ:

Ահա մենք այս հաւանականութիւններու մասին ալ կը խօսինք Գարեգին Սրբազանին հետ, որքան ալ տխուր երեւին անոնք: Առաջնորդել նաեւ պաղարիւնութեամբ նախատեսել է ապագան իր բոլոր կարելիութիւններով ու «եթէ»ներով: Եթէ պետութիւնը անուրանալի կերպով տեղապահ սրբազանին կը փոխանցէ իր ժխտական կամքը, ան կրկին իր բնաւորութեան յարմարագոյն կերպով պիտի վարուի. խաղաղութեամբ: Պիտի չպայքարի պետութեան կամքին դէմ, արկածախնդրութիւններու պիտի չքաշէ այս համայնքը, ոչ ալ գժտելով բախտին՝ հրաժարելով անմիջապէս պիտի լքէ մեզ ու հեռանայ: Ան հայրաբար պիտի հաւաքէ իր եկեղեցական եղբայրները եւ լաւագոյն ելքի եւ լուծումի ճանապարհը պիտի որոնէ որպէս «բանալի» անձ: Հիմակուընէ ինչ պիտի դուրս գայ, ըսել դժուար է, սակայն մենք իր կողքին պիտի ըլլանք միշտ որպէս եկեղեցականներ եւ որպէս ժողովուրդ:

Գալով Գերշ. Արամ Սրբազանի պարագային: Եթէ վատագոյնը պատահի եւ տեղապահը հրաժարի, Գարեգին Սրբազանի նախագահած Եկեղեցական համագումար ժողովի կողմէ պիտի ընտրուի նոր տեղապահ մը եւ ընտրութեան գործընթացը պիտի շարունակուի: Նոյնպէս թաղային խորհուրդներու ատենապետները պիտի ընտրեն նոր Նախաձեռնարկ մարմին մը եւ նոր դիմումներ պիտի կատարուին պետութեան: Այս միջոցին մեր Աթոռի երկու եպիսկոպոսներու գործակցութենէն աւելի բնական ի՞նչ կրնայ ըլլալ: Մեզմէ ո՞ր մէկը իրաւունք ունի մերժելու գործակցութիւնը: Ես երբեք ոչ մէկ լրագրողին նկարագրած եմ, թէ ի՞նչ աստիճանի համագործակցութիւն կրնայ տեղի ունենալ իմ եւ Գերշ. Արամ Սրբազանի միջեւ ապագային: Երբեք չեմ ըսած որ հին դրոյթին պիտի վերադառնանք եւ պիտի շարունակենք այն տեղէն, ուրկէ թուլցած էին մեր յարաբերութիւնները 15 Մարտին տեղապահի ընտրութիւնով:

Ես անձնական ոչ մէկ խնդիր ունիմ Արամ Սրբազանին հետ: Ընդդիմութիւնս իր կեցուածքին դէմ էր: Ինք պատրիարքական ընտրութիւնները յետաձգելու յատուկ ջանք կը թափէր: Այս կեցուածքը ժողովուրդի եւ եկեղեցականներու կողմէ նկատուեցաւ եւ եկեղեցւոյ ղեկը իրմէ առնուելով ընտրութիւններուն առջեւը բացուեցաւ: Այս բոլորը եկեղեցական կանոններուն համաձայն եղաւ: Հոգեբանական հասկնալի պատճառներով Արամ Սրբազան այս նոր իրավիճակը ծանր տարաւ եւ գժտութեան բոլոր արտայայտութիւնները ցուցաբերեց տեղապահին, ինծի եւ միւս եկեղեցականներուն հանդէպ: Ինք ոչ մէկի կողմէ դուրս ձգուած է, ի՛նքն է որ դուրս կը կենայ: Մենք մէկ քայլ անդին կեցող իր եղբայրներն ենք: Այս օրերուն մեզի ամենէն շատ սիրոյ եւ միութեան ջանքերն են պէտք, որպէսզի կամրջենք պառակտումի խրամատերը եւ ուժ հաւաքենք վերստին առաջ ընթանալու եւ ընտրութեան փակուղիէն դուրս գալու համար:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017