ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնը, որուն կը մասնակցին նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ այս փառատօնի հանդիսաւոր բացումը՝ «Ազգային տօներ, ծէսեր եւ խաղեր» անուանումով։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան «Հենրիկ Իգիթեան» գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որու հիմնական շեշտը հայկական ժողովրդական (օրացուցային եւ կենցաղային), եկեղեցական եւ պետական տօներուն վրայ է։ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տասնհինգ շրջաններէն՝ 145  հաստատութեան շուրջ համախմբուած 1320 աշխատանքներ ներկայացուած են այս ցուցահանդէս-մրցոյթին։ Առաջին փուլին ցուցահանդէսի համար ընտրուած են շուրջ 170 գործեր։ Այդ գործերու շարքին կը գտնուին Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներէն Երազ Պէշիկթաշլեանի, Սուզաննա Իգիթեանի, Էլլա Ենոքեանի եւ Ալիսիա Հախվերտեանի կողմէ պատրաստուած գործ մը։ Տղաքը այդ ստեղծագործութիւնը պատրաստած են՝ վարժարանի գծագրութեան ուսուցիչ Սերքան Շահինի հսկողութեան ներքեւ։ Մէրամէթճեանի սաներուն գործը կը կոչուի «Մրմրաս»։ Հայկական գաւառներու ազգագրական խորհրդանշաններէն մին եղած է մրմրասը։ Պատմականօրէն ան կ՚օգտագործուէր Մեծ պահոց շրջանին։

«Ցուցահանդէսի մասնակցած բոլոր գործերը կը հրատարակուին մասնաւոր պատկերագիրքի մը մէջ։

Մասնագիտական յանձնաժողովի եզրակացութեան, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի հանդիսատեսներու առցանց քուէարկութեան արդիւնքով յայտնի պիտի դառնան երկրորդ փուլի դափնեկիրները։ Այս վերջիններուն համար նախատեսուած են մրցանակներ։ Ցուցահանդէսի փակումէն վերջ՝ Դեկտեմբերին պիտի հրապարակուին դափնեկիրները։ Իսկ պատկերագիրքը պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ տարեմուտին։

Առցանց քուէարկութեան կարելի է մասնակցիլ դիմատետրի միջոցաւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017